Կիրակի, 07. 07. 2024

spot_img

ՍԴՀԿ – ՀՅԴ – ՌԱԿ Հանդիպում

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ՝ Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հերթական ժողովը՝ մասնակցութեամբ երեք կուսակցութիւններուն ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն:

Հանդիպումը առիթ էր միասնաբար քննարկելու լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան լիբանանեան կառոյցներու պատասխանատուները, իրենց կուսակցութեանց ներլիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ կապերուն եւ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ, զեկուցեցին Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարներուն մասին:

Ժողովականները շեշտը դրին լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը իրենց գերագոյն պարտականութիւնը նկատելու հրամայականին վրայ եւ հաստատեցին այս ուղղութեամբ միակամ ու միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը:

Հանդիպման օրակարգերուն մէջ կարեւոր կէտ էր Լիբանանի մէջ ամէն օր աւելի եւս ուրուագծուող թրքական գործօնին ներկայացուցած վտանգը՝ լիբանանեան հայրենիքին եւ բնականաբար լիբանանահայութեան համար: Այս հարցով կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին ամէն առիթով թրքական ախորժակներուն եւ նկրտումներուն մասին յիշեցնել լիբանանեան բոլոր կողմերուն:

Տնտեսական ներկայ դժուարին իրականութեան մէջ լիբանանահայութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցութեան ձեռք երկարող բարերար անհատներուն եւ կառոյցներուն երախտագիտութիւն յայտնելով, ժողովականները կարեւոր նկատեցին լիբանանեան համայնքի զաւակներուն իրերօգնութեան եւ միասնականութեան ոգին բարձր պահելը՝ միասնաբար շրջանցելու Լիբանանի արդի պատմութեան այս դժուարին փուլը: Այս առումով ժողովականները վստահեցուցին, որ լիբանանահայութիւնը  այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարէ՝ շարունակելով մնալ հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն հայօճախներէն մին:

 

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին