Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սուրիահայ Գաղթականներու Աջակցելու Նպատակով Համաձայնագիր՝ ՀԿԽԸի Եւ ՀԲԸՄի Միջեւ

Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութիւնը (ՀԿԽԸ) եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը՝ «Սիրիահայ փախստականների աջակցութիւն» ծրագիրին ծիրին մէջ առողջապահական աջակցութիւն տրամադրելու համար կարիքաւոր սուրիահայերուն:

25,500 ամերիկեան տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ նշեալ առողջապահական ծառայութիւնները կազմակերպելու համար, իսկ ՀԲԸՄ-ը պիտի ապահովէ բշժկական օգնութիւներու տրամադրումը եւ յետագայ բժշկական կարիքներու գնահատումը՝ ՀԲԸՄ-ի Քլոտիա Նազարեանի անուան բժշկական կեդրոնին մէջ:

«Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութիւնը սուրիահայերու մարդասիրական կարիքներուն արձագանգած է անոնց ժամանման առաջին իսկ օրուընէ՝ 2012 թուականէն: Այդ աջակցութիւնը եղած է բազմաբնոյթ՝ իրաւական խորհրդատուութենէն եւ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումէն մինչեւ սեփական գործ հիմնելու հնարաւորութեան ստեղծում եւ զարգացում: Ուրախ եմ, որ այս ծրագրի շնորհիւ կրնանք սուրիահայերուն աջակցել նաեւ առողջապահական ծառայութիւններ ստանալու ոլորտին մէջ, քանի որ ատոր կարիքը շատ մեծ է»,  ըսաւ ՀԿԽԸ գլխաւոր քարտուղար Աննա Եղիազարեան:

«Սուրիահայ փախստականներու աջակցութիւն» ծրագիրը, որ ի գործ դրուած էր 2019-ի Նոյեմբեր 1-էն, պիտի շարունակուի մինչեւ 2020-ի Հոկտեմբեր 31: Անոր նպատակն է բարելաւել Հայաստանի մէջ սուրիացի փախստականներու բարեկեցութիւնը՝ ապահովելով մարդասիրական աջակցութիւն եւ կրթութեան հասանելիութիւն։

«Սիրիական ճգանաժամի առաջին իսկ օրուընէ ՀԲԸՄ-ը սուրիահայերու աջակցութեան ուղղուած մարդասիրական, ընկերային, կրթական ու առողջապահական լայնածաւալ ծրագրեր իրագործած է Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ: Սուրիահայ հարիւրաւոր երիտասարդներ, որոնք իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանան Հայաստանի մէջ, անցնող տարիներուն օտուած են ուսումնական վարձավճարներու փոխհատուցման մեր ծրագրէն: Ծրագրերու իրականացման գործընթացին մէջ մենք չափազանց կարեւոր կը համաևենք համագործակցութեան ընդլայնումը միջազգային կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու հետ, որոնց հետ համատեղ աշխատելու մեր փորձը արդիւնաւէտօրէն կը ծառայէ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ յայտնուած մարդոց կարիքներու բաւարարման: Այս տեսակէտէ մեծապէս կարեւոր կը համարեմ այս համագործակցութիւնը ՀԿԽԸ-ի հետ»,- ըսաւ  ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուբեան:

Ծրագիրի շրջագիծին մէջ.

– 60 առաւել խոցելի ընտանիքներ կը ստանան տարեկան 4 անգամ ուտելիքի ծրարներ.

– 170 առաւել խոցելի ընտանիքներ կը ստանան տարեկան 2 անգամ հագուստ գնելու կտրոններ.

– 30 առաւել խոցելի ընտանիքներու՝ անյետաձգելի առողջապահական ծառայութեան կարիք ունեցող անդամներուն կը տրամադրուի անհրաժեշտ գումար.

– Առաւել խոցելի ընտանիքներու 40 ուսանողներու կը տրամադրուի ուսման վճարի մասնակի փոխհատուցում:

Աջակցութեան ընդհանուր գումարը 100,000 տոլար է:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին