Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրի Հինգշաբթի օր այցելութիւն մը տուաւ Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաիին: Ան նախագահ Աունը եւ կառավարութիւնը ամբաստանեց երկրին տնտեսական ազատ շուկայի դրոյթը փոխել ջանալու աշխատանքը:
Հարիրի յայտնեց, որ հիմնական բարեփոխումներ կենսական էին Լիբանանի համար դուրս գալու ներկայ իրավիճակէն: Նման բան մը միայն կրնար կանխել լիբանանեան դրամանիշի աննախադէպ անկումին, որուն ընթացքին ան ամերիկեան տոլարի դիմաց կորսնցուց իր արժէքին 80 տոկոսը:
Հարիրիի խօսքով, Լիբանան տնտեսապէս կ՛ապրի իր պատմութեան ամենադժուար օրերը: