Հինգշաբթի, 11. 09. 2025

spot_img

Նոր Նշանակումները Դարձեալ Յուսախափեցին Բարեփոխումներ Ակնկալող Ժողովուրդը

Պետական կառոյց հանդիսացող եւ ամենաշատը խնդրայարոյցը եղող Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նշանակումները, որ կատարուեցաւ երէկ ցոյց տուաւ, որ իշխանութիւնը, ոչ մէկ նպատակ ունի բարեփոխումներու: Անգամ մը եւս պետական նշանակումները եկան փաստելու, որ բարեփոխումներու դոյզն իսկ նպատակը  չկայ, այլ կայ ու կը մնայ պետական աւարը իրար մէջ բաժնելու մշտական ցանկութիւնը, որովհետեւ դարձեալ ի յայտ եկաւ, որ նշանակուած անունները իշխող քաղաքական կողմերուն սրտամօտիկ անձնաւորութիւններ են, որոնք պայման չէ, որ ըստ մասնագիտութեան կամ կարողութեան նշանակուած պաշտօնեաներ ըլլան:

Ելեկտրական Ընկերութեան հետ կապուած բարեփոխումները ոչ միայն քաղաքացիական պահանջ են այլ միջազգային ընտանիքին ալ նախապայմանն է օգտակար հանդիսանալու համար Լիբանանին իր տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու:

Ափսոս սակայն իշխանութիւնը տեղ մըն է մինչ բարեփոխումներու անկեղծ մտադրութիւնը այլ տեղ:

Այս լուրը բաւարար էր երէկ, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ընդդիմութիւնը ձայն բարձրացնէ քննադատելով նշանակումները, որոնք նման էին ամիս մը առաջ կատարուած ֆինանսական պաշտօններու վրայ կողմնակալ նշանակումին:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին