Պետական կառոյց հանդիսացող եւ ամենաշատը խնդրայարոյցը եղող Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նշանակումները, որ կատարուեցաւ երէկ ցոյց տուաւ, որ իշխանութիւնը, ոչ մէկ նպատակ ունի բարեփոխումներու: Անգամ մը եւս պետական նշանակումները եկան փաստելու, որ բարեփոխումներու դոյզն իսկ նպատակը չկայ, այլ կայ ու կը մնայ պետական աւարը իրար մէջ բաժնելու մշտական ցանկութիւնը, որովհետեւ դարձեալ ի յայտ եկաւ, որ նշանակուած անունները իշխող քաղաքական կողմերուն սրտամօտիկ անձնաւորութիւններ են, որոնք պայման չէ, որ ըստ մասնագիտութեան կամ կարողութեան նշանակուած պաշտօնեաներ ըլլան:
Ելեկտրական Ընկերութեան հետ կապուած բարեփոխումները ոչ միայն քաղաքացիական պահանջ են այլ միջազգային ընտանիքին ալ նախապայմանն է օգտակար հանդիսանալու համար Լիբանանին իր տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու:
Ափսոս սակայն իշխանութիւնը տեղ մըն է մինչ բարեփոխումներու անկեղծ մտադրութիւնը այլ տեղ:
Այս լուրը բաւարար էր երէկ, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ընդդիմութիւնը ձայն բարձրացնէ քննադատելով նշանակումները, որոնք նման էին ամիս մը առաջ կատարուած ֆինանսական պաշտօններու վրայ կողմնակալ նշանակումին: