«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերը Չորեքշաբթի, 8 Յուլիս 2020-ին, Լոնտոնի ժամով 17:00ին ներկայացուցին իրենց միացեալ երrրորդ մամլոյ լսարանը:
«Քրիստոնէութիւնը Իրանի Մէջ Եւ Ատրպատականի Հայոց Հնագոյն Թեմը.
Ներկայի Մարտահրաւէրներ եւ Ապագայի Հեռանկարներ» նիւթին շուրջ շատ հետաքրքրական եւ օգտաշատ տեղեկութիւններով լեցուն խօսք մը ներկայացուց Ատրպատականի Հայոց Թեմին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան:
Զանազան երկիրներէ շուրջ 50 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ինչպէս միշտ ձեռնհասութեամբ վարեց՝ Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը