Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Կը Պատրաստուի Ելեկտրականութեան Ոլորտին Լուծումներ Գտնելու

Մինչ ներքին եւ միջազգային ճնշումները ամէն օր աւելի եւս կը սաստկանան, կառավարութեան վրայ, որպէսզի անյապաղ բարեփոխումներու ձեռնարկէ, կառավարութիւնը փորձեր կը կատարէ քայլեր առնելու այս ուղղութեամբ: Իր առաջին քայլը պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան ոլորտի բարեփոխումներուն ձեռնարկել: Ոլորտ մը, որուն տնօրինման բարեփոխումը  միջազգային նուիրատուներու եւ պարտատէրերու կարեւորագոյն պահանջն է: Նշենք, որ այս ոլորտը լիբանանի պետութեան պիւտճէին տարին 2 միլիառ տոլարի բաց կը ձգէ:

Նախարարաց խորհուրդը պիտի գումարուի Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 11ին Պաապտայի պալատին մէջ օրակարգ ունենալով ելեկտրականութիւնը: Օրակարգը կը գլխաւորէ պետական հաստատութիւն հանդիսացող ելեկտրական ընկերութեան տնօրէններու նոր խորհուրդ մը նշանակել: Վարչական տնօրինումներու հարցով տակաւին համախոհութիւն չկայ կողմերուն մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նշանակումներու մէջ իր բաժինը կը հետապնդէ:

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին