Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

ՄԱԿ-ը Համաշխարհային Զինադադար Կը Պահանջէ` «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ գլխաւոր տագնապներու, որոնց շարքին Սուրիոյ, Եմէնի, Լիպիոյ, Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի մէջ «թշնամական արարքներու անմիջական դադրեցում» պահանջեց՝ պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ: Այս մասին հաղորդեց Reuters-ը։

Որոշումը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթոֆ Հիւսկեն արդիւնքը կոչեց «յոյսի նշան մը բոլոր մարդոց համար, որոնք ներկայիս աշխարհի տարածքին տագնապներու գօտիներու մէջ կ՛ապրին»՝ աւելցնելով, որ այժմ խորհուրդին եւ զինեալ պայքարներու բոլոր կողմերուն պարտաւորութիւնն է գործադրել այս որոշումը:

 

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին