Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Սուրիոյ Հարցով Եռակողմ Գագաթ

Սուրիոյ հարցով հեռավար հանդիպում կայացուցած ՌԴ, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահները համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են:

Յայտարարութեան մէջ գրուած է, որ Սուրիոյ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, այն պէտք է կարգաւորուի քաղաքական ճանապարհով: Այս մասին կ’ըսեն նախագահները 2011-էն Սուրիոյ մէջ փաստացի ընթացող պատերազմի սկիզբէն:

Մոսկուան, Թեհրանն ու Անգարան ողջունած են օգոստոսին Սուրիոյ մէջ սահմանադրական խորհուրդի նիստի անցկացումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են օգնել անոր: Միաժամանակ կոչ ըրած են միջազգային հանրութեան աւելցնելու Սուրիոյ տրուող օգնութիւնը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ ենթակառուցուածքներու վերականգմանն ու փախստականներու վերադարձին:

Նախագահները անդրադարձած են նաեւ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ կառոյցներու նկատմամբ օդային հարուածին, որ կը խախտէ երկրի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կ’աւելցնէ լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին