Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Չէ Ունեցած, Հապա Հայ Ժողովուրդը Ո՞ւր Է. Կարօ Փայլան

Հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցադրումներ հասցէագրեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային՝ գրաւոր պատասխանի պահանջով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը։

Փայլան այս անգամ օրակարգ բերաւ նախագահութեան առընթեր բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինին ծանօթ վերջին ժողովը, որուն ընթացքին շօշափուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը։

Փայլան այս ուղղութեամբ տուաւ հինգ հարցումներ։ Ան փորձեց պարզել, թէ ճի՞շդ է, որ որոշուած է նոր կառոյց մը կազմել՝ 105 տարիէ ի վեր շարունակուող ուրացման քաղաքականութիւնը զարգացնելու համար։ Ի միջի այլոց, ան յիշեցուց, որ նախագահ Էրտողան ամէն տարի 24 Ապրիլին պատգամ մը հրապարակելով՝ ցաւակցութիւն կը յայտնէ հայ ժողովուրդին, իսկ ներկայիս ինչո՞ւ հաւանութիւն կու տայ այնպիսի կառոյցի մը, որուն միջոցաւ ուրացում տեղի պիտի ունենայ։

Յիշեցնելով, թէ ուրացուած յանցանքը կը կրկնուի՝ Փայլան հարցուց, որ արդեօք այս կառոյցով ճանապարհ հարթուած պիտի չըլլա՞յ նոր յանցագործութիւններու դիմաց։

«Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած, հապա հայ ժողովուրդը ո՞ւր է», հարցուց Կարօ Փայլան։

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին