Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Մէկ Կապոց Հացը 2000 Լիբ. Ոսկի՞

Լիբանանի տարածքին  հացի գինը նոր սղաճ  պիտի արձանագրէ։

 Այս մասին  տեղեկութիւնը   հաղորդեց Ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի  նախարար Ռաուլ Նահմէ։

Նահմէ   յայտնեց, որ այսուհետեւ    900   կրամ կշռող հացի  կապոցը  պիտի վաճառուի   2000  լիբանանեան ոսկիով։

Մինչ երկիրը անդունդն ի վար կը գլորի  տնտեսական-ընկերային բաւական ծանր իրավիճակով, պատասխանատուներ տակաւին կը թուին հեռու ըլլալ իսկական խնդիրներու լուծումէն:

 Երկրին  մէջ   բաւական    սուր կերպով    տեսանելի   դարձած  է  յատկապէս ամերիկեան տոլարի  չգոյութեան  տագնապը եւ     ըստ  վերջին   տուեալներուն   Պէյրութի ելեւմտական շուկաներուն մէջ  ամն տոլարը երէկ վաճառուեցաւ   մինչեւ    8000 լիբանանեան թղթոսկիի:

 Այս բոլորին զուգահեռ երէկ արձանագրուեցաւ 33 վարակակիրներու պարագայ մինչ կառավարութիւնը որոշում առաւ ամսուայ մը համար եւս երկարաձգել արտակարգ իրավիճակի դրութիւնը:

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին