Մեր թերթավաճառ Պարգեւը ամիսներ առաջ աւետած էր, որ «Կարմիր բանակը մտաւ Պերլին»,– վերջապէ՜ս,– ու մեր հոգիները խաղաղեր էին այդ երկար մղձաւանջէն, երբ օր մըն ալ պայթեցուց բոլորովին անսպասելի ռումբ մը.
–Բոլոր հայերը պիտի երթան Հայաստա՜՜՜ն…
Ճիշդ կը լսէի՞նք…Հայատա՞ն…բոլոր հայե՞րը…մե՞նք ալ…ե՞ս ալ…
Հայոց պատմութենէն գիտէինք, որ գոյութիւն ունեցած է հեքիաթային երկիր մը՝ Հայաստան անունով, բայց ան մինչեւ հիմա գոյութիւն ունի՞ ուրեմն…
«Հայրենիք»-ի ձայնին վաճառքը իսկոյն կրկնապատկուեցաւ, սակայն կայ աւելին. թերթ գնող թէ չգնող անցորդներն ու թաղեցիները շրջապատեցին թերթավաճառը՝ հարցումներու տարափ մը տեղացնելով անոր գլխուն. կ’ուզէին աւելի լուսաբանուիլ, ուստի չէին վարաներ զանազան մանրամասնութիւններ հարցնելու՝ ստոյգ բան մը գիտնալու համար:
–Այո, եղբա՛յր, այո՛, բոլորս պիտի տանին, մէկ հայ պիտի չմնայ դուրսը:
1945-ի վերջերուն…1946-ի սկիզբներուն էր:
* * *
Եւ այնուհետեւ ելեկտրականացաւ հայ կեանքը իր բոլոր բաղադրիչներով եւ այնքանով, որ մենք կը յաջողէինք ըմբռնել. մեզի համար կար երազային ճամբորդութիւն մը, երազային նաւով մը, դէպի երազային երկիր մը, ճիշդ հոն, ուր Սասունցի Դաւիթը իր թուրով երկու կտոր ըրաւ Մսրայ Մելիքը, Հայկ Նահապետ սպաննեց Բէլը, ուր շատակեր Շարան կ’ուտէր Շիրակի դաշտին ամբողջ ցորենը, Արշակ երկրորդ ոչնչացուց պարսիկ կէս միլիոննոց բանակը՝ ողջ ձգելով միայն Շապուհը, որ փախաւ-գնաց՝ անամօթաբար լքելով իր կանանոցը…
Բայց եւ այնպէս շուտով սկսաւ հեքիաթը շօշափելի իրականութեան վերածելու ծառայող առաջին եռուզեռը. Ճիշդ մեր բնակարանին դիմացը կը գտնուէր Պուրճ-Համմուտի քանի մը հազուագիւտ երկյարկանի շէնքերէն մէկը, որուն երկրորդ յարկի հիւրանոցը վերածուեցաւ գրասենեակի եւ տրամադրուեցաւ,– ինչպէս կը կոչուէր այն օրերուն,– «Ներգաղթի կոմիտէին»[1]:
Ներգաղթի կոմիտէ կոչուածը կը բաղկանար երկու սակաւախօս, շատ խոհուն, յարատեւ ժպտող, ծայրայեղօրէն զգուշ ու կիրթ անձնաւորութիւններէ, որոնք շաբաթը քանի մը անգամ կու գային գրասենեակ՝ բերելով յատուկ տոմարներ, որոնց մէջ կ’արձանագրէին «Հայաստան երթալ ցանկացողների անունները»՝ առ ի սերտողութիւն:
Կարծես կը հեգնէին մեզ. չցանկացող կա՞ր…
Եւ ահա շրջակայ թաղերու ողջ բնակչութիւնը առտուան լոյսը չբացուած սկսաւ խուժել գրասենեակ՝ առաջինը արձանագրուելու մարմաջէն տարուած բազմութիւններով՝ յառաջացնելով վէճի, վիճաբանութեան, հրմշտուքի ու կռիւի խայտաբղէտ ու զաւեշտական տեսարաններ: Կոմիտէի ներկայացուցիչները կը գրէին թեկնածուներուն բոլոր տուեալները՝ անուն-մականուն, բնիկ որտեղացի, զբաղում, զաւակներու թիւ ու տարիք եւ այլն: Արձանագրութեան կ’ընկերանար թելադութիւն մըն ալ, թէ շուտով պիտի հրաւէր ստանան, ուրեմն՝ համբերեն:
Եւ այնուհետեւ կը սկսէր անորոշ սպասումի, անվերջանալի զրոյցներու, խառնակ գիշերներու երկար շրջան մը, որ զերծ չէր կասկածէ ու մտահոգութենէ: Մարդիկ պարզապէս չէին հաւատար, որ նման բան մը կրնար տեղի ունենալ:
Սակայն ժամանակը եկաւ հաստատելու, որ հեքիաթ չէր այս բոլորը, երբ օր մըն ալ մեր թաղերուն մէջ երեւցաւ ծանօթ նամակաբաշխը յիշեցնող մարդ մը՝ մախաղը ուսին, ձեռքին դեղին տրցակներ. ան բնակարաններու թիւերուն կը նայէր, անուններ կը հարցնէր, տուները կը մտնէր եւ կը յանձնէր տուեալ անունը կրող դեղին տոմս մը, որ կը հաստատէր ենթակային ընդունուած ըլլալը եւ կը թելադրէր պատրաստ ըլլալ:
–Բայց տուներնիդ մի՛ ծախէք, սպասեցէ՛ք, պիտի բերեմ կարմիր թուղթ մըն ալ, այն ատեն պիտի ծախէք տուներնիդ եւ նաւահանգիստ երթաք,– բերանացի ու բարեխղճօրէն կը յանձնարարէր ցրուիչը՝ լաւ սորված դասի մը պէս:
Այս բոլորը արդէն կը վանէին յետին կասկածներն ալ:
Տոմս ստացողները կը դառնային հետաքրքութեան իւրայատուկ առարկայ. հեռու-մօտիկ կու գային «իրենց աչքերով տեսնելու», շօշափելու, հոտոտելու ու կարդալու այդ տոմսերը եւ իրենց կարգին համոզուելու:
Այնուհետեւ սկսաւ ուրիշ եռուզեռ մը ու տագնապ մը. ի՞նչ ընել, որո՞ւ ծախել տունը, ինչպէ՞ս յաճախորդ գտնել, երբ ամբողջ Պուրճ-Համմուտը վերածուած էր անմիջական ու հաւանական տօնավաճառներու հաւաքականութեան մը:
Եւ չես գիտեր ուրկէ եւ ինչպէս, ահա մեր թաղերուն մէջ սկսան երեւիլ տեղացի արաբ հայրենակիցներ, որոնց հետ սակարկութիւններ տեղի կ’ունենային եւ համաձայնութիւններ կը գոյանային: Ընդհանրապէս տանտէր ու յաճախորդ կը համաձայնէին գինի մը շուրջ, մինչեւ անգամ կը վճարուէր պզտիկ կանխավճար մը՝ սպասելով բո՛ւն վաճառքին, որ պիտի կնքուէր ի մօտոյ: Եւ մարդիկ իրենց տարիներու վաստակով ու քրտինքով ձեռք ձգած տնակը,– որ ընդհանրապէս միասենեակ բոյն մըն էր՝ խոհանոցով մը ու բաղնիքով մը եւ քանի մը թիզ ազատ տարածքով, ուր գրեթէ ամէն ոք քանի մը որթատունկ, սալորենի, թզենի կամ նռնենի տնկած էր՝ ի յիշատակ Արեւմտեան Հայաստան ձգուած փարթամ այգիներու ու մրգաստաններու,– կը յօժարէին ծախել քանի մը հարիւր լիբանանեան ոսկիի, օրուան սակերով՝ երկու, երեք կամ լաւագոյն պարագային չորս-հինգ հարիւր դոլարի՝ վախնալով որ վերջին պահուն յանկարծ «այդքան տուող ալ չգտնէին»:
Կար աւելին. եղան այնպիսիներ, որոնք, «աւելի հեռատեսութեամբ» եւ առանց հրաւէրի, ուղղակի ծախեցին բնակարաննին՝ համոզուած, որ պիտի երթան, եւ իրենց կարգին սկսան պատրաստութիւն տեսնել՝ ծախսելով ունեցածնին:
Եւ ահա օր մըն ալ ցրուիչի ձեռքերուն մէջ դեղին տրցակներուն հետ երեւցան կարմիր տրցակներ եւս, որոնց գործած տպաւորութիւնը ուղղակի կախարդական էր. այստեղ յստակ նշուած էին մեկնումի օրն ու ժամը, յորում բախտաւորները կը հրաւիրուէին վերջնականապէս պատրաստ գտնուելու նաւահանգիստի տարածքին: Նշուած էր մինչեւ անգամ նաւուն անունը:
Շատ-շատեր,– ասոնց կարգին մօրաքոյրս ալ,– իրենց տունը վաճառած եւ դրամն ալ գանձած ըլլալով, նշանակուած օրէն առաջ կը փութային նաւահանգիստ եւ քարափին կից մարգագետնին վրայ կ’անցընէին մնացած քանի մը օրերը, ոմանք փոքրիկ վրաններու տակ, ուրիշներ ուղղակի բացօթեայ:
Չուշացաւ մեծ աւետիսն ալ, որ քանի մը օր ետք` յունիսի երկրորդ կէսին, պսակումը պիտի դառնար այս բոլորին, երբ թերթավաճառ Պարգեւ բոլորովին նոր եռանդով մը յայտարարեց.
–Թրանսիլվանիա նաւը կը մտնէ Լիբանա՜ն…
Իրօք ալ յաջորդ օրը ան իր պատկառելի,– պէտք է ըսէի՝ «վեհաշուք»,– զանգուածով հասաւ նաւահանգիստ, հայրենադարձներու, հարազատներու եւ հետաքրքիրներու ցնծութեան աղաղակներուն ու ծափերուն տակ,– որոնց միացան անճարցիները իրենց ահեղաթունդ թմբուկներով ու խլացուցիչ զուռնաներով,– եւ զգուշօրէն մօտեցաւ քարափին եւ անոր կապուեցաւ կամրջակով մը:
Երկու կամ երեք օր ետք ան արդէն լեցուած էր բեռներով ու խուռներամ հայրենադարձներով, երբ կամրջակը քաշեցին ու նաւը շարժեցաւ՝ մեկնողներու եւ մնացողներու ճիչերուն տակ, որոնք շուտով վերածուեցան սրտերէ բխած համերգի մը, որ առաջին անգամ կը լսէինք եւ հետագային աւելի յաճախ պիտի լսուէր.
«Ա՜յ կարաւան, ջա՜ն կարաւան, քշի՛ր քո ճամբան…»:
Այնուհետեւ կարաւան անունով բնորոշուեցան այն նաւերը, որոնք հայ հայրենադարձներով լեցուն կը մեկնէին Հայաստան: Ուրեմն առաջին կարաւանին յաջորդեցին երկու ուրիշներ մինչեւ աշուն, ապա կանգ առին՝ նոր թափով վերսկսելու համար 1947-ի ամառը, որ եւ անակնկալօրէն եղաւ վերջինը Լիբանանի պարագային: Ան փոքր չափերով շարունակուեցաւ 1948-ին Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ու այնպէս ալ վերջնականապէս դադրեցաւ հրամանովը Ստալինի, որու քաղաքական նպատակներուն չէր ծառայեր ան այլեւս:
Ստալին ոչ միայն վերջ տուաւ արեւմտահայերու հայրենադարձին, այլեւ 1949-ին մօտ 6.500 արեւմտահայ ընտանիք նենգաբար աքսորեց Սիպերիա եւ Altaï:
* * *
Հայրենադարձը շատ բարդ եւ շատ ընդարձակ դիպաշար մըն է՝ պատմական շատ հակասական արժեւորումներով, որոնց մանրամասնութեան մէջ չեմ մտներ: Կը գոհանամ անոր հետեւանքներովը Պուրճ-Համմուտի վրայ:
Անցնող երկու տարիները պատճառ դարձան, որ անոր հայ բնակչութեան մօտաւորապէս մէկ երրորդը փոխարինուէր տեղացիներով, որոնք ընդհանրապէս կու գային հարաւի շիա համայնքէն: Իսկ 1948-ի արաբո-իսրայէլեան պատերազմին հետեւանքով Լիբանան խուժած հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներուն մէկ մասը իր կարգին հաստատուեցաւ Պուրճ-Համմուտի մէջ, բայց մանաւանդ անոնք հաստատուեցան ներկայիս ծանօթ «Նապաա» կոչուած բնակատեղին, որ իր խտութեամբ պահ մը գերազանցեց Պուրճ-Համմուտը, որուն ուղիղ շարունակութիւնն է ան: Մինչդեռ մինչեւ 1946 ան ամայի ճահիճ մըն էր, ուրկէ կը բխէին երեք ակեր. մերոնք «Իւչ կէօզ» (երեք ակ) կը կոչէին զայն: Նապաա եւս կը նշանակէ ակ:
Ազգագրական այս նոր տուեալները, գումարուելով ժամանակին հետ ձեռք բերուած որոշ բարեկեցութեան մը, իրենց կարգին պատճառ դարձան, որ Պուրճ-Համմուտի հայութեան մէկ կարեւոր մասը լքէ զայն՝ դէպի այլ շրջաններ, չհաշուած հետագային ընդմիշտ գաղթողները: Այս բոլորը աւելի նսեմացուցին անոր հայեցի դիմագիծը, եւ այդ նսեմացումը կը շարունակուի ցաւագին թափով մը:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը