Երէկ հաստատուեցաւ քորոնա ժահրով վարակուած 18 նոր պարագաներու գրանցումը: Այսպէս, Լիբանանի մէջ ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 1662-ի:
Երէկ հաստատուած պարագաներուն 15-ը տեղական վարակաւորումներ են մինչ երեքը Լիբանան վերադարձածներու շարքերէն:
Նշենք, որ առ այսօր Լիբանանի մէջ այս ծիրէն ներս գրանցուած են 33 մահուան դէպք եւ 1144 հոգի բժշկուած են:
Մինչ վարակուողներու թիւերը համեմատաբար քիչ են եւ կայուն, Ռաֆիք Հարիրի Հիւանդանոցի տնօրէնը մտահոգութիւն յայտնեց, որ տեղական վարակաւորներու վարակման աղբիւրները անյստակ են վերջերս, բան մը որ մտահոգիչ երեւոյթ է աղբիւրները հետապնդելու առիթը չտալուն պատճառով: