Լիբանանի մէջ երէկ հաստատուեցաւ 22 նոր վարակակիր: Վարակէն մահացաւ երեխայ մը: Վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 1644-ի:
Երէկ գրանցուածներէն 15 հոգին տեղական վարակումներ են մինչ միւսները արտերկրէն ժամանողներու շարքերէն:
Մահացած երեխան իգական սեռին կը պատկանի եւ փոքր տարիքին առումով առաջին գրանցուած պարագան է Լիբանանի մէջ:
Նախորդ օրերուն համեմատած թեթեւ աճ մը կը նշմարուի վարակակիրներու պարագային, որ տակաւին կը շարունակէ մնալ վերահսկողութեան տակ:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը