ԱՄՆ կը միտի նոր պատժամիջոցներ ի գործ դնել, որուն նպատակն է հարուածել Հըզպալլան ինչպէս նաեւ փտածութիւնը Լիբանանի մէջ: Այսպէս յայտարարեց ԱՄՆ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով պետական փոխ նախարար Տէյւիտ Շenքըր:
Շէnքըր Հըզպալլան ամբաստանեց, որպէս կողմ մը, որ կ՛ուզէ Լիբանանի ֆինանսական համակարգը իւրացնել: Անոր խօսքով, այս Հըզպալլայի մտադրութիւնները մեծ վտանգ են երկրին համար:
Շէնքըր նաեւ նշեց, որ լիբանանցիք պէտք է դժուար որոշումը կայացնեն երկրին վատ տնօրինման գծով: Ան իր խօսքին առաստաղը աւելի եւս բարձրացնելով ըսաւ, որ Հըզպալլան բարեփոխումի միտող կազմակերպութիւնն մը չէ, այլ ան ինքն է, որ կը գոյատեւէ երկրին փտածութեան արդիւնքով: