ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը լայնածաւալ յարձակում սկսած է ազգային անվտանգութեան իր նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընի վրայ: Այն տեղի ունեցած է այն բանէն ետք, երբ Պոլթըն իր նոր գիրքին մէջ նախագահը անուանած է «անհետեւողական» եւ «զարմանալիօրէն չիրազեկուած» ղեկավար, կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայնը»:
Twitter-ի շարք մը կտրուկ մեկնաբանութիւններուն մէջ Թրամփը Պոլթընի գիրքը անուանած է «սուտերու եւ մտացածին պատմութիւններու ժողովածու», ընդ որում, ըստ նախագահի, «այդ ամէնը նպատակ ունէր զիս ներկայացնելու ոչ գրաւիչ լոյսի ներքոյ»: Ինչպէս նշած է Թրամփը, «անհեթեթ յայտարարութիւններէն շատերը, որ ան ինծի կը վերագրէ, երբեք չեն եղած, պարզապէս յօրինուած է»:
Սպիտակ տունը Պոլթընի «The Room Where It Happened» («Սենեակը, ուր այդ տեղի ունեցաւ») 577 էջանի գիրքը արգելափակելու դատարանի վճիռ կը պահանջէ՝ պնդելով, որ գիրքը կը պարունակէ ազգային անվտանգութեան վերաբերող գաղտնի տեղեկատւութիւն, հակառակ որ գիրքի նախնական օրինակները արդէն ստացած են ամերիկեան շարք մը լրատուական գործակալութիւններ, որոնք չորեքշաբթի նիւթեր հրապարակած են Պոլթընի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ: