Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Պաշշար եւ Ասմաա Ասատ «Կեսարի Օրէնք»ով Պատժուողներու Ցանկին Մէջ

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը նոր պատժամիջոցներ կը սահմանէ Սուրիոյ դէմ «Կեսարի օրէնքի» շրջածիրէն ներս: Ինչպէս կը փոխանցէ ТАСС գործակալութիւնը, պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուին նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը եւ անոր կինը՝ Ասման:

«Այսօր ֆինանսներու նախարարութիւնը եւ Պետական քարտուղարութիւնը յայտարարած են «Կեսարի օրէնքի» շրջածիրէն ներս ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց նկատմամբ պատժամիջոցներ սահմանելու վերաբերեալ 39 որոշման մասին՝ որպէս Ասատի նկատմամբ տնտեսական եւ քաղաքական ճնշում գործադրելու արշաւի մեկնարկ՝ նպատակ ունենալով զրկել անոր եկամուտներէ եւ պատերազմ վարելու ընթացքին ստացուող աջակցութենէն»,- ըսուած է Փոմփէոյի յայտարարութեան մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ պատժամիջոց պիտի սահմանուի Ասատի եւ անոր կնոջ նկատմամբ: Ամերիկեան նոր պատժամիջոցները, որոնք կը սահմանուին այսպէս ՝ «Կեսարի օրէնք»ի կամ Սուրիոյ քաղաքացիներու պաշտպանութեան օրէնքի (CAESAR Syria Civilian Protection Act) շրջագիծէն ներս, չեն տարածուիր մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու գործընթացի վրայ:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին