Նախագահ Միշէլ Աուն քաշ աքական կողմերու միջեւ խօսակցութեանց նոր շարք մը կը ձեռնարկէ, որ տեղի պիտի ունենայ յաջորդ Հինգշաբթի օր:
Նախանշաններ կան, որ երկրին Սիւննի ղեկավարութիւնը գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին տրամադրութիւն ունի պոյքոթելու այս խօսակցութիւնները ինչպէս ըրած էր անոր նախորդողին պարագային:
Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն իսկ հրաւէրները ցրուած է ժողովի հրաւիրելով խորհրդարանի նախագահը, նախկին նախագահներ եւ վարչապետներ ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կողմերու ղեկավարները: Խորհրդարնական պլոքներու ներկայացուցիչներուն հրաւէրը պիտի տայ խորհրդարանի նախագահը:
Նման այսպէս կոչուած «ազգային հանդիպումներ» ըստ երեւոյթին կը միտին երկրի մէջ տիրող ծանր իրավիճակի պատասխանատուութիւնը բաժնելու բոլոր կողմերուն վրայ:
Ամէն պարագայի բոլորին աչքերը ուղղուած են նախկին վարչապետին մասնակցութեան որոշումին վրայ, որուն հետ քաղաքական կողմերու հանդիպումները բաւական աշխուժացած են վերջին օրերուն: