Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Սիւննի Հաւանական Պոյքոթ Մը Կը Սպառնայ Պաապտայի Ժողովին

Նախագահ Միշէլ Աուն քաշ աքական կողմերու միջեւ խօսակցութեանց նոր շարք մը կը ձեռնարկէ, որ տեղի պիտի ունենայ յաջորդ Հինգշաբթի օր:

Նախանշաններ կան, որ երկրին Սիւննի ղեկավարութիւնը գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին տրամադրութիւն ունի պոյքոթելու այս խօսակցութիւնները ինչպէս ըրած էր անոր նախորդողին պարագային:

Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն իսկ հրաւէրները ցրուած է ժողովի հրաւիրելով խորհրդարանի նախագահը, նախկին նախագահներ եւ վարչապետներ ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կողմերու ղեկավարները: Խորհրդարնական պլոքներու ներկայացուցիչներուն հրաւէրը պիտի տայ խորհրդարանի նախագահը:

Նման այսպէս կոչուած «ազգային հանդիպումներ» ըստ երեւոյթին կը միտին երկրի մէջ տիրող ծանր իրավիճակի պատասխանատուութիւնը բաժնելու բոլոր կողմերուն վրայ:

Ամէն պարագայի  բոլորին աչքերը ուղղուած են նախկին վարչապետին մասնակցութեան որոշումին վրայ, որուն հետ քաղաքական կողմերու հանդիպումները բաւական աշխուժացած են վերջին օրերուն:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին