Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Թագաժահրի Օրագրութիւն (Ա. Մաս). Զգուշ Ապրելակերպի Եւ Արժէքներու  Հասկացողութիւն

Թագաժահրի երեւոյթը ու տարածումը որքան ալ սահմանափակումներ պարտադրեց անձնական‚ հասարակական ու տնտեսական ապրելակերպերուն‚ ծայրայեղօրէն ալ ընտելացուց մարդկային‚ մասնաւորապէս դիմատետրեան ու ուաթսափեան յարաբերութիւնները։  Ըստ երեւոյթին‚ տակաւին որոշ ատեն մը եւս պիտի շարունակենք ընկերային յարաբերութիւնները դիմակներու ետին‚ առանց ձեռնուելու‚ առանց ընտանեկան եւ բարեկամական այցելութիւններու‚ զրկուելով նաեւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններէ եւ կատարելէ ընկերային զանազան պարտականութիւններ։

 

Թագաժահրի երեւոյթը ոչ միայն խախտեց ամբողջ աշխարհի կարգավիճակը‚ այլ նաեւ տակնուվրայ ըրաւ ընկերային ապրելակերպի ու կենցաղի բոլոր հասկացողութիւնները։  Շաբաթներ կ՝անցնին եւ հարազատներ ու բարեկամներ առանց նոյնիսկ իրարու հետ տեսնուելու կը կարողանան յարաբերիլ հեռաձայնային եւ համակարկգչային հաղորդակցութեան միջոցներով միայն‚ եւ լաւագոյն պարագային ալ ֆիզիքական որոշ հեռաւորութենէ մը‚ առանց նոյնիսկ ողջագուրուելու‚ եւ այս բոլորը դիմակաւոր դէմքերով։

 

Զգուշաւոր ապրելակերպը իր հետ բերաւ նաեւ ընկերային ու գաղութային կեանքի նոր հասկացողութիւն‚ որուն առաջին զոհերը դարձան հասարակական կառոյցներէն ընդհանրապէս վարժարանները‚ եկեղեցիները‚ ակումբները եւ նաեւ տպագիր մամուլը։  Պիտի չհամարձակինք խօսքը ընել շուկայական կեանքի ու յարաբերութիւններու։  Որքան ալ փորձեր կատարուեցան եւ տակաւին ալ կը կատարուին բնականոնի մօտեցող ապրելակերպի հաստատումին‚ յստակ է‚ որ ոչ դիմատետրը‚ ոչ խելացի հեռաձայնը եւ ոչ ալ համակարգիչը պիտի կարենան «բնականոն»ի մօտեցնել մարդկային եւ ընկերային բոլոր տեսակի յարաբերութիւնները։  Ներկայ «պարտադրողական»  ապրելակերպով‚ բաւական երկար ատեն կարելի պիտի չըլլայ ներկայ գտնուիլ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու‚ աւարտահանդէսներու‚ հարսանիքի եւ կամ յուղարկաւորութեան արարողութեան մը։  Պիտի չհամարձակինք մտածելու շարժանկարի սրահ եւ կամ ճաշարան մը այցելելու մասին։

 

Վերջին երեք ամիսներու ընթացքին վերահասու եղանք բազմաթիւ մահերու։  Օրաթերթային դասականացած մահազդները փոխանակուած են դիմատետրային մահազդներով։  Էջերով գրութիւններ եւ զիրար հրմշտկող լուսանկարներ‚ եւ հանգուցեալին եւ անոր վաստակին մասին հազիւ մակերեսային տեղեկութիւն մը։  Ի՞նչպէս չփնտռել օրաթերթային «հողվրտիք» ենթախորագրեալ յօդուածները։  Փոխարէնը‚ անխուսափելիօրէն տասնեակներով‚ միատող‚ իրարանման‚ հազուագիւտօրէն հայատառ‚ եւ ընդհանրապէս ալ լատինատառ ցաւակցական արտայայտութիւններ։  Լաւագոյն պարագային կը գրառուի «Աստուած հոգին լուսաւորէ» եւ կամ «R.I.P.»։  Չենք փափաքիր նման ցաւակցագիրները նկատել անընդունելի տափակութիւններ։  Յարգելով հանդերձ ցաւակցական արտայայտութիւններու ետին գտնուող ազնիւ զգացումները‚ իսկապէս ի՞նչ է իմաստը եւ կամ արժէքը‚ մեքենաբար կրկնուող նոյնանման արտայայտութիւններուն։  Երբ մարդոց մտածումներն ու զգացումներն այնքան երանգաւորուած են‚ ի՞նչպէս կարելի է նոյն տարազումով (չգործածելու համար թութականման բառը) վշտակցութիւնները։  Տակաւին կան նաեւ արտայայտութիւններ‚ որոնք ամէն պարզ սովորական մահկանացուին համար ալ‚ կը գործածուին անտեղիօրէն‚ ինչպէս «յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։  Որքան փափաքելի պիտի ըլլար թագաժահրի պարտադիր մեկուսացումի այս օրերուն‚ մարդիկ գոնէ միայն հինգ վայրկեանով մէկդի դնէին իրենց խելացի հեռաձայնները եւ համակարգիչները‚ եւ խոկային թէ իսկապէս ի՞նչ կը պատահի‚ եւ ի՛նչ պիտի պատահի։

 

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին