Հայ բանաստեղծ, աստուածաբան, մատենագիր, երաժիշտ-երգահան, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ, տեսաբան, ստեղծագործ, գեղագէտ, բարենորոգիչ՝ Ներսէս Դ. Կլայեցի Կաթողիկոս, ծնած է 1102[1] թուականին, Ծոփաց նահանգի Անձիտ գաւառը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ: Մինչեւ կաթողիկոս ձեռնադրուիլը եղած է Գրիգոր Գ. Պահլավունի Կաթողիկոսին օգնականն ու խորհրդատուն: Կաթողիկոսական օծում ու ձեռնադրութիւն ստացած է 1166-ին: Իսկ վախճանած է 1173-ին, Հռոմկլայի մէջ:
Բազմակողմանի դրուածքով անձնաւորութիւն մըն էր Ներսէս Կլայեցի, որուն համար ալ զինք կոչած են Շնորհալի: Հրապարակախօս, դիւանագէտ, մանկավարժ, ֆրանսացի հայագէտ, ինչպէս պիտի ըսէր ֆրանսացի գրագէտ մը.- «տեսակ մը հմտութիւն, յորում յաջողած չըլլայ այս հռչակաւոր Հայրապետը[2]»:
Որքան մեծ աստուածաբան է Շնորհալին, նոյնքան ալ ընտիր բանաստեղծ է: Որքան շատ եւ բովանդակալից են իր արձակ գրութիւնները, նոյնքան առատ եւ սքանչելի են իր քերթողական երկերը: Ներսէս Շնորհալիէն մեզի հասած է գրական հարուստ ժառանգութիւն մը՝ արձակ (մեկնութիւններ, թուղթեր, ճառեր) եւ չափածոյ[3] (շարականներ, տաղեր, մեղեդիներ, գանձեր, ներբողներ, հանելուկներ, վիպերգական[4] բնոյթի քերթուածներ եւ այլն):
Բազմաբովանդակ ու հարուստ է Ներսէս Շնորհալիի չափածոն: Գրիգոր Նարեկացիէն ետք ան աւելիով զարգացուց հայ չափածոյ խօսքը թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ ձեւի առումով: Իտէալականացնելով անցեալը, Ներսէս Շնորհալի իր գրութիւններով փորձեց կենդանի պահել քաղաքական ազատութեան հասնելու գաղափարը, եւ յաճախ նկարագրեց հայրենի երկրի պետութեան վերածնունդը: Ան շարականին ընդմէջէն, փորձեց ազգային ու քաղաքացիական գաղափարներ արտայայտել, բովանդակութեան մէջ հայրենասիրական տրամադրութիւններ ներմուծելով: Յիշարժան են Աբգար թագաւորին, Տրդատ Մեծին, Աշխէն թագուհիին, Աւարայրի հերոսներուն ու Ղեւոնդեանց նահատակներուն նուիրուած շարականները: Առանձնապէս, բարձր արուեստով ստեղծուած է Վարդանանց հերոսներու նուիրուած «Նորահրաշ պսակաւոր»ը: Դարեր շարունակ լայն ժողովրդականութիւն վայելած են ու մինչեւ այսօր կը վայելեն «Առաւօտ լուսոյ», «Աշխարհ ամենայն», «Զարթիք փառք իմ» երգերն ու արեւագալի շարականները, որոնք խօսքի ու երաժշտութեան զուարթ շեշտերով կը փառաբանեն բնութեան եւ մարդկային հոգիի զարթօնքը:
Մեր Ժամագիրքն ու Շարակնոցը լեցուն են Շնորհալիի շարականներով ու երգերով: Կրնանք ըսել, թէ Շարակնոցի մէջ ամէնէն շատ շարական ներդրողը եղաւ Շնորհալին, աւելի քան 30 կտորներով: Իսկ Ժամագիրքի պարագային՝ աւելի քան 15 երգերով:
Ներսէս Շնորհալի աւելի նշանաւոր է 24 տուներէ բաղկացած իր Հաւատով Խոստովանիմ[5] սկզբնաւորութեամբ աղօթաշարքով, որ մեր Ժամագիրքին մէջ մտած է որպէս հսկումի մէկ մասը:
Ներսէս Շնորհալիէն պահպանուած են մանկավարժական-ուսուցողական բնոյթի ոտանաւորներ եւ ուղերձներ, որոնց նախօրինակը չենք տեսներ հայ բանաստեղծութեան աշխարհին մէջ: Ասոնք գրուած են ընթերցողին բարոյապէս կրթելու ու օգտակար գիտելիքներ տալու նպատակով: Խրատական ոտանաւորներէն ոմանք ունին կարճ տողեր՝ բաղկացած 36 յանգաւոր տուներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի հայոց այբուբենի հերթական տառի անունով: Բանաստեղծը այս ձեւը ընտրած է, ինչպէս ինք կը նշէ, որպէսզի մանուկները դիւրութեամբ կարենան ե՛ւ նիւթը մտապահել, ե՛ւ իւրացնել հայերէն գիրերու կարգը:
Մեծ է Ներսէս Շնորհալիի «Վիպասանութիւն[6]», «Ողբ Եդեսիոյ[7]», «Ատենաբանութիւն[8]» եւ «Յիսուս որդի[9]» մեծածաւալ ստեղծագործութիւններու գրապատմական նշանակութիւնը: Բնականաբար, կարելի է շատ երկար խօսիլ ամէն մէկուն բովանդակութեան, արժէքին ու կարեւորութեան մասին, սակայն կը բաւարարուինք միայն անոնց անունները յիշելով եւ հակիրճ բացատրութիւններ տալով:
Հայ եկեղեցուոյ պատմութեան մէջ Գրիգոր Լուսաւորիչէն, Սահակ Պարթեւէն, Մեսրոպ Մաշտոցէն ու Գրիգոր Նարեկացիէն ետք, ոչ մէկը այնքան չէ մեծարուած ու սիրուած, որքան Ներսէս Շնորհալին՝ որպէս սուրբ, հայրապետ ու մատենագիր: Ժամանակակիցներն ու յաջորդները զինք մեծարած են Երգեցող, Երկրորդ Լուսաւորիչ Հայոց, Տիեզերալոյս, Եռամեծ վարդապետ, Երանաշնորհ սուրբ, Համահրեշտակ եւ այլ պատուանուններով: Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Խաչվերացի 5-րդ Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը՝ «Սրբոց թարգմանչաց վարդապետաց» տօնին հետ:
Անցեալին, Հայ Եկեղեցին շատ մը ուրիշներու կողքին սահմանած է նաեւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:
Կիրակոս Գանձակեցի[10], խօսելով Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մասին, հետեւեալ ձեւով կ’արտայայտուի.- «Այս Ներսէսը իմաստութեամբ աւելի մեծ էր, քան իր ժամանակի բազում վարդապետներ, եւ ոչ միայն հայոց, այլեւ յոյների ու ասորիների մէջ, այնքան, որ նրա իմաստնութեան համբաւը տարածուեց բոլոր ազգերի մէջ»:
Գանձակեցիի իսկ վկայութեամբ, Շնորհալիի սրբութեան ու շնորհքներու համբաւը տարածուած էր մինչեւ Բիւզանդական արքունիք, ուր երբ կ’իմանան անոր վախճանման մասին, օրուան կայսրը հառաչանքով կ’ըսէ.- «Մեծ եւ արթուն զգայարան մը վերացաւ Աստուծոյ եկեղեցիէն: Հայերը զրկուեցան իրենց երկրորդ Լուսաւորիչէն: Ով երանելի Հայրապետ, ինչպէ՜ս իմ ցանկութիւնս անկատար ձգելով առ Քրիստոս մեկնեցար: Սակայն մենք քու անունդ առաջին սուրբերու հետ՝ յիշատակութեան արժանի կը տնօրինենք, տօնելով ուրախութեամբ ի Քրիստոս»:
Այնքա՜ն խօսքեր տակաւին կարելի է ըսել այս բազմաշնորհ հայրապետին մասին, որ ոչ միայն էջեր, այլ գիրքեր կարելի է գրել: Մեծ է անոր վաստակը Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին ու պատմութեան մէջ: Փաստօրէն, շատ մը աղօթքներ, շարականներ ու ծիսական արարողութիւններ կը պարտինք Շնորհալի Հայրապետին:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
[1] Ոմանք նաեւ կը պաշտպանեն այն կարծիքը որ ան ծնած է 1101 թուականին:
[2] Ղեւոնդ Ալիշան, Շնորհալի եւ պարագայ իւր, Վենետիկ, 1873, էջ 491:
[3] Չափածոյ կը նշանակէ չափով յօրինուած ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւնը իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան ճիւղ:
[4] Վիպերգութիւն կը նշանակէ քնարական-պատմողական երկարաշունչ քերթուածներ, զգայուն եւ քնքուշ նիւթերու վրայ գրուած, ուր դէպքերն ու դէմքերը կը ներկայացուին հեղինակին ապրումներուն եւ մտածումներուն հետ:
[5] Վենետիկեան Հայրերու հոգածութեամբ թարգմանուած է 36 լեզուներու:
[6] Շնորհալիի գրական գործերուն առաջինն է, որ կը բովանդակէ իր ազգատոհմի պատմութիւնը՝ քերթողական ոճով:
[7] Գրուած է քաղաքի Քրիստոնեաներու ջարդին առիթով:
[8] Շնորհալին այս մէկը կարդացած է իր կաթողիկոս ընտրուելուն առիթով հաւաքուած եպիսկոպոսներու ժողովին ընթացքին:
[9] Աղօթագիրք մըն է, որ զանազան առիթներով թարգմանուած տարբեր լեզուներու ու ապա հրատարակուած:
[10] Կիրակոս Գանձակեցի ծնած է 1200-ին, Գանձակի մէջ. վախճանած՝ 1271-ին, Իրան: Հայ պատմաբան եւ եկեղեցական գործիչ:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն