Հակառակ այն բացայայտ իրողութեան թէ Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջին օրէն իսկ նսեմացուց Քորոնա ժահրի սպառնացող մահասփիւռ վտանգը իր ժողովուրդին, աւելի քան հարիւր հազար ամերիկացիք ցարդ կորսնցուցած են իրենց կեանքը: Մարդկային այս ողբերգութեան զուգահեռ, ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը ստացաւ աննախընթաց հարուած: Հետեւաբար, զոյգ ճակատներու վրայ նախագահ Թրամփի հեղինակութիւնն ու վարկը սկսան նահանջել: Մինչեւ ընթացիկ տարուան Մարտի սկիզբը, Թրամփի վերընտրութեան հաւանականութիւնը բարձր կը գնահատուէր: Որեւէ հանրապետական կուսակցութեան պատկանող քաղաքական գործիչ չէր համարձակեր մրցակցութեան մարտահրաւէր կարդալ Թրամփին: Նախկին Նիւ Եորքցի կալուածատէրը անխոցելի կը նկատուէր արդարեւ:
Տուէք ինծի տոլար մը, այլապէս Թրամփին պիտի քուէարկեմ։
Ծանօթ. Այս մուրացկանին միլիոնատէր ըլլալու հաւանականութիւնը մեծ է
Սակայն Քորոնա ժահրին պատճառած պատուհասը չէր բաւեր կարծէք, վերջին տասնեակ մը օրերուն Ամերիկայի քաղաքներուն մէջ բեմադրուող քաղաքացիական խլրտումները առաւել կասկածի տակ դրին Թրամփին զօրաւոր եւ սկզբունքի տէր առաջնորդի մը յատկանիշները: Սեւ քաղաքացի Ճորճ Ֆլորտի ողբերգական մահը ճերմակ ոստիկանի մը ձեռքով Միննիսոթա նահանգի Մինէափոլիս քաղաքին մէջ, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ դրաւ սեւերու դէմ շարունակաբար կիրակուող տնտեսային, ընկերային եւ Արդարադատական խտրականութիւնները: Ամերիկայի բոլոր նահանգներուն մէջ լայնածաւալ բողոքի ցոյցեր ծայր տուին, միլիոնաւորներու մասնակցութեամբ՝ դատապարտելով ոչ միայն մահը, այլ պահանջելով վերջ տալ նման արարքներու:
Ցեղային խտրականութիւնը սակայն դժբախտաբար անբաժան մէկ մասն է Ամերիկայի մշակոյթին: Զանգուածային զայրոյթի այս ցուցադրութիւնը արմատական ոչ մէկ բարեփոխումներ կրնայ ներմուծել ամերիկեան կեանքի կենսական բնագաւառներէն ներս: Հաւանական է որոշ կարգ մը օրէնքներ որդեգրուին տեղական իշխանութիւններու կողմէ, բողոքի այս ալիքը կրնայ կարգ մը սեւ քաղաքական գործիչներու ասպարէզը յաջողեցնել, օրինակ քաղաքի մը քաղաքապետը կամ դատական ատեանի մը մէջ բարձր աթոռ մը ապահովել: Բոլոր զարգացումները, չըսելու համար յառաջդիմութիւնները, գեղագիտական գօտիէն դուրս չեն ելլեր: Քանի մը օրեր առաջ երբ քաղաքացիական պոռթկումի ալիքը իր գագաթնակէտին էր հասած, յայտնի պասքէթպոլիստ Մայքըլ Ճորտըն, յախուռն յօդուած մը ստորագրած էր, սաստիկ կերպով քննադատելով Ամերիկայի սեւ բնակչութեան դէմ կիրակուող խտրականութիւնն ու անարդարութիւնը: Իսկ քանի մը օր ետք, ան իր քսակը լայն բացած՝ հարիւր միլիոն տոլարի յատկացում մը կատարեց բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կը պայքարին ընկերային եւ տնտեսական անհաւասարութեան դէմ:
Մարտ ամսուան ընթացքին Քորոնա ժահրին ճանկեղը երբ սկսան աւեր սփռել Ամերիկայի տարածքին վրայ, նախագահ Թրամփ սկսաւ գիտակցիլ սպառնացող վտանգին՝ իր վերընտրութեան հաւանականութեան վրայ:
Ինքզինք յորջորջած որպէս կարգ եւ կանոնի, կարգապահութեան եւ ապահովութեան նախագահ, Թրամփ՝ իր հակառակորդներուն գնահատումով կ’անտեսէ սահմանադրական սեղմումներ եւ կը կառավարէ երկիրը իր նախասիրած եղանակով: Սակայն իր քաղաքական հակառակորդները չեն միայն զինք խծբծողները: Նոյնիսկ չափաւորական համարուող հանրապետականներ սկսած են աստիճանաբար Թրամփի դէմ դիրքորոշուիլ:
Անցեալ շաբաթ, երբ բազմածաւալ բազմութիւն մը ցոյցեր կը կատարէր Սպիտակ Տան դիմացը գտնուող Lաֆայէթ Փարքին մէջ, նախագահը ուզեց մերձակայ եկեղեցին երթալ: Անմիջապէս ջոկատներ զինուած վահաններով, գաւազաններով եւ արցունքաբեր ռումբերով, ազգային պահակագունդին մասնակցութեամբ՝ խժդուժ բռնութեամբ հեռացուցին ցուցարարները այդ փարքէն, մինչ շատցած թռչող տորոններ եւ ինքնաթիռ մը (helicopter) սարսափի մատնեցին ցուցարարները: Ամերիկայի Սահմանադրութեան դէմ բացայայտ խախտում մըն է ամերիկեան զինեալ ուժերուն գործածութիւնը ամերիկեան երկրամասին վրայ: Այս ոտնձգութիւնը խորապէս վրդովումի ալիք մը յառաջացուց չափաւորականներու մօտ, որոնց համար Սահմանադրութիւնը սրբութիւններու սրբոցն է:
2016-ի նախագահական ընտրապայքարի շրջանին, երեւելի Հանրապետական քաղաքական դէմքեր, թիկունք չկանգնեցան Թրամփի թեկնածութեան: նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ, Ֆլորիտայի նահանգապետ եւ Ճորճին կրտսեր եղբայրը՝ Ճէք Պուշ, ի միջի այլոց, հաւանական չնկատեցին Թրամփին յաղթանակը եւ երկրորդ՝ պահպանողական օրակարգ չկար: Սակայն 2020ի նախագահական պայքարը բոլորովին տարբեր տարազ մը կը զգենու: Ընդդիմանալ պաշտօնի վրայ գտնուող միեւնոյն կուսակցութեան պատկանող նախագահին՝ կը նշանակէ ձախողութեան մատնել պահպանողական օրակարգը, որուն կարեւոր բաղկացուցիչ տարրերը կը կազմեն նախագահին կողմէ նշանակումը աջակողմեան դատախազներու, քաջալերել մեծ ընկերութիւնները շահերուն նպաստող օրէնսդրութիւնները, դէմ կենալ կլիմայական պաշտպանութեան եւ հարուստներուն տուրքերը կրճատել: Առաւել ըլլալով ընդդիմանալ ներկայ նախագահին՝ կը նշանակէ դառնալ թիրախը անոր թունալից մոլուցքին:
Հակառակ այս իրողութեանց ստուարաթիւ ակնյայտ հանրապետական անձնաւորութիւններ արդէն հրապարակաւ սկսած են խարանել եւ բուռն քննադատել նախագահ Թրամփը:
Նախկին պետական քարտուղար եւ բարձրաստիճան զինուորական Քոլին Բաուլ հեռուստատեսիլի վրայ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, կշտամբեց Թրամփը յայտարարելով թէ ան դատարկ է բարոյական արժէքներէ, նսեմացուցած է Ամերիկայի վարկն ու հեղինակութիւնը միջազգային թատերաբեմին վրայ եւ սխալ անձն է Ամերիկան չորս տարիներ եւս ղեկավարելու: Ան առանց տատամսելու աւելցուց թէ ինք պիտի քուէարկէ Թրամփի մրցակից Դեմոկրատ Ճօ Պայտընին, որուն հետ սերտ գործակցած է աւելի քան երեք տասնեակ տարիներ: Թրամփի դահլիճին առաջին պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս քանի մը օրեր առաջ խարանեց նախագահը՝ զայն այպանելով երկիրը «բաժնել եւ տիրելու» յանցանքով:
ՀակաԹրամփ արշաւը՝ Հանրապետականներու շարքերէն ներս, սկսած է դառնալ լայնածաւալ: Նախկին նախագահներ Պուշի եւ Ռէկընի երէց օգնականները, որոնք 2016-ի ընտրպայքարին միացեալ հաղորդագրութեամբ մը դէմ դիրքորոշուած էին Թրամփին թեկնածութեան, ներկայիս աշխատանքի լծուած են ձախողցնելու անոր վերընտրութիւնը: Մեծ է նաեւ թիւը հեղինակաւոր հանրապետական առաջնորդներու որոնք դժուարութիւն ունին իրենց սկզբունքներն ու քաղաքական շահերը, հաշիւները իրարու հաշտեցնելու:
Նիւ Եորք
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ