Լիբանանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Կիրակի յայտարարեց, որ կը վերցնէ ինքնաշարժներու թիւերու համար իս սահմանած սահմանափակումները: Արդարեւ այսօրուընէ սկսեալ զոյգ, թէ անզոյգ թիւով աւարտող ինքնաշարժներն ալ կրնան Լիբանանի տարածքին անվարան շրջագայիլ:
Այս որոշումը արագացաւ, երբ երէկ Լիբանանի մէջ գրանցուեցաւ ընդամէնը չորս վարակակիր, ինչ, որ վստահութիւն կու տայ կառավարութեան աւելի եւս բանալու Լիբանանը քորոնա ժահրի հետ կապուած սահմանափակումներէ: Անշուշտ ո՛չ մէկ երաշխիք կայ, որ ժահրը դարձեալ չի տարածուիր: Հետեւաբար նախազգուշութիւնը միշտ կարեւոր է: