ԱՄՆ մէկ տոլարի արժէքը 7000 լ.ո. ըլլալու լուրերը անհիմն են եւ կասկածելի ըսաւ Նախագահ Աուն կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Պաապտայի պալատին մէջ:
Ըստ Աունի լիբանանեան թղթոսկիի արժէքի աննախընթաց անկումի լուրերը չարամտութեամբ սարքուած էին ըսաւ նախագահը: Այս բանին նպատակը բարկացած ժողովուրդը փողոց իջեցնելու կը միտէր: