«Կ’ըսեն, թէ ժամանակը կը փոխէ ամէն ինչ,
սակայն դուն անձնապէս պէտք է փոխես զայն»:
Էնտի Ուորհոլ, 20-րդ դարու ամերիկացի դերասան, բեմադրիչ
Սեւրի Դաշնագիրը, 10 Օգոստոս 1920
Երբ բարեկամներու հետ խօսինք արեւմտահայութեան իրաւունքներու մասին, նիւթը կ’ըլլայ այն միակ համաձայնագրին մասին, որ հայոց շնորհեց իրաւունք վերադառնալու իրենց պապենական հայրենիքը՝ Սեւրի դաշնագիրը: Շատեր կ’ըսեն, թէ Սեւրի դաշնագիրը անվաւեր է: Այդ դաշնագիրը Թուրքիան ստիպուած բաւական ձգձգելէ ետք Ֆրանսայի ճնշումով կնքեց 10 Օգոստոս 1920-ին եւ վաւերացուց 25 Օգոստոս 1920-ին: Ստորագրող կողմերը պարտուած Օսմանեան կառավարութիւնն էին եւ Պօղոս Նուպար Փաշան, հայկական պատուիրակութեան նախագահը: Սեւրի դաշնագրով հայոց կը վերադարձուէին Ուիլսընեան սահմաններով նախատեսուած Հայաստան մը ներկայ Հայաստանի սահմանէն մինչեւ Կարին եւ հարաւէն մինչեւ Վանայ Լիճի հարաւային ափերը: Քրտական պետութիւն մըն ալ նախատեսուած էր Տիգրանակերտի շրջանին մէջ:
Այս համաձայնագիրը ունէր նաեւ յօդուածներ, որոնք կը վերաբերէին Օսմանեան կայսրութեան արաբական գրաւեալ հողերուն՝ Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին, Յորդանան, մինչեւ Հիժազ: Այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերէին այդ հողամասերու ֆրանսական եւ բրիտանական հոգատարութեան անցնելուն, ամբողջութեամբ գործադրուեցան: Ըստ միջազգային իրաւունքի գիտակ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի, երբ դաշնագրի մը յօդուածներուն մէկ մասը կը գործադրուի, ամբողջութեան գործադրելիութիւնը կ’երաշխաւորուի: Բրիտանիան եւ Ֆրանսան վաւերացուցին եւ գործադրեցին դաշնագրի իրենց վերաբերող բաժինը: Դաշնագիրը անկատար մնաց միայն զայն չվաւերացուցած Արեւմտեան Հայաստանի համար, որու պատուիրակութիւնը չէր վաւերացուցած այս դաշնագիրը քաղաքական պատճառներով: Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութիւնը վաւերացուց զայն 2016 թուականին ու զայն ուղարկեց ֆրանսական պետութեան: Այս ձեւով իրաւականօրէն սկսաւ Սեւրի դաշնագրի գործադրութիւնը հայկական կողմէն:
Լոզանի դաշնագիրը, որ կնքուած էր 1923 թուականին, չէր կրնար փոխարինել Սեւրի դաշնագիրը, որովհետեւ միջազգային օրէնքի մէջ դաշնագիր մը չի կրնար փոխարինել նախորդ մը, եթէ բոլոր հին դաշնագիրը ստորագրող կողմեր չեն ստորագրած նոր դաշնագիրը: Այս պարագային, Հայաստան բացակայեցաւ Լոզանի դաշնագրի ստորագրութենէն: Լոզանի դաշնագրին մէջ չէ յիշուած Սեւրի դաշնագիրը եւ զայն չեղեալ համարելը: Որպէս եզրակացութիւն այս բաժինին, կրնանք ըսել, թէ Սեւրի դաշնագիրը կը մնայ ուժի մէջ եւ գործադրելի ըստ միջազգային օրէնքի:
Ըստ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, որ կնքուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան հրաժարած կառավարութեան կողմէ 2 Դեկտեմբեր 1920-ին, եւ կը պարունակէր յօդուած մը, ըստ որու Հայաստան կը հրաժարէր Սեւրի դաշնագրէն, ինքնին անվաւեր էր, որովհետեւ Հայաստան չէր վաւերացուցած դաշնագիրը որ անկէ հրաժարէր: 2016 թուականի վաւերացումը Թուրքիոյ ձեռքէն խլած է նաեւ այս դաշնագրի խաղաքարտը օգտագործելու իրաւունքը, նաեւ 1921 թուականի ռուս-թրքական համաձայնագրի քարտը:
Արեւմտահայութեան իրաւունքները ո՞վ պիտի պաշտպանէ
Ցեղասպանութենէն ի վեր հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը՝ կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ, միութիւններ, հայրենակցական միութիւններ եւ ժողովուրդի այլ ներկայացուցիչ մարմիններ կատարեցին մեծ գործ հայը պահելու համար իր կորսնցուցած հայրենիքին մօտ: Պահեցին եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, մամուլ եւ մշակոյթ: Քաղաքական ներկայացուցչութիւնը մնաց կուսակցութիւններու մակարդակով: Միջազգային օրէնքի համաձայն, պետութեան հետ կրնայ բանակցիլ պետութիւն միայն կամ ժողովուրդին քուէներով ընտրուած լիազօր ներկայացուցչական մարմին մը: Պաղեստինեան օրինակը յայտնի է: Պաղեստինցի ժողովուրդը իր բոլոր բաղկացուցիչ տարրերու մասնակցութեամբ ընտրեց իր լիազօր ներկայացուցչական մարմինը, փաստաթուղթերը փոխանցեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ ստացաւ հողատէր, բնիկ ժողովուրդի կարգավիճակ: Պաղեստին ներկայիս ունի դիտորդ պետութեան կարգավիճակ միջազգային կազմակերպութեան մէջ:
Ուրեմն ի՞նչ բան կը պակսի մեր ժողովուրդին միջազգային ընտանիքին կողմէ ընդունուելու համար որպէս իր հողը կորսնցուցած, բնիկ ժողովուրդի մը զաւակներ: Միջազգային օրէնքը կը պարտադրէ, որ իւրաքանչիւր իրաւազուրկ ժողովուրդ ընտրէ իր լիազօր ներկայացուցիչները: Մարդիկ, որոնք կը ներկայացնեն մեր հայրենիքի գիւղերն ու քաղաքները, մեր ժողովուրդի բոլոր բաղկացուցիչ մասնիկները: Հայը պիտի կարենայ վերադառնալ իր պապերու հողամասը եթէ կարենայ իր ճակատագիրը առնել իր ձեռքին մէջ եւ չի ձգէ զայն ապագայի անորոշ հովերուն: Ժամանակի քմահաճոյքին ձգել մեր հարցերը թուլութեան նշան է: Ժամն է որ մեր ժողովուրդը կարենայ թափանցիկ ընտրութիւններով ընտրել զինք ներկայացնող եւ միջազգային իրաւական ուժ ունեցող լիազօր մարմին մը: Ցարդ կատարուած քաղաքական բոլոր ճիգերը անպտուղ մնացին, որովհետեւ չունէին միջազգային իրաւական ուժի կշիռը: Այս լիազօր մարմինը միակ միջոցն է մեր ժողովուրդին վերադարձնելու համար իր իրաւունքները: Սխալ չհասկցուիմ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր ժողովուրդի հիմնական մասը կը կազմէ, այն ժայռը որու կ’ապաւինինք, Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հետ: Այս պարագային, միջազգային իրաւունքը կը ճանչնայ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցչական իրաւունքը, ինչպէս որ կը ճանչնայ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցչական իրաւունքը: Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը կը համարուի հաւասարազօր հողային ամբողջականութեան իրաւունքին: Այս է պատճառը որ Արցախ ներկայիս չի կրնար միանալ Հայաստանի Հանրապետութեան մինչեւ որ իրաւականօրէն ընդունուի որպէս պետութիւն իր ներկայ սահմաններով:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքական այրերուն բոլոր քայլերը ուղղուած են դէպի 2023 թուականը: Այդ թուականին, Լոզանի համաձայնագրի պարտադրած կաշկանդումները թրքական պետութեան վրայ իրենց աւարտին պիտի հասնին: Թուրքիան պիտի կարենայ իր ծովային սահմաններու մէջ գտնուող բնական կազի եւ քարիւղի պաշարներու շահագործում կատարել: Էրտողան թրքական կառավարութիւնը վերածած է միապետութեան: Բոլոր քայլերը կ’ուղղուին դէպի Իսլամի շահագործում, որպէս իշխանութեան լծակ, երկիրը ներկայացնելով որպէս Իսլամի պաշտպան: Թուրքիա կը պահէ բոլոր խաղաքարտերը Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ արաբական աշխարհին վրայ ճնշելու համար: Կը միջամտէ ամէն տեղ: Արեւելեան Միջերկրական Ծովը կը փորձէ վերածել թրքական լիճի: Արեւմուտքը եւ Ռուսիան մինչեւ ե՞րբ թոյլ պիտի տան Թուրքիոյ այս սանձարձակ վերաբերմունքը: Մինչեւ այն ատեն, որ իրենց շահերուն սկսի վնասել: Չենք գիտեր երբ մեծ պետութիւններ դարակէն կը հանեն Սեւրի դաշնագրի մնացած մասը եւ կը գործադրեն զայն: Թուրքիոյ բոլոր քայլերը քիւրտերու եւ հայերու դէմ այս վախէն մղուած են: Այս հոլովոյթին մէջ, սպասելով Աշխարհի բազմաբեւեռ համակարգի հաստատումին, արեւմտահայ ժողովուրդը պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէն իրավիճակի փոփոխութեան, ընտրելով զինք ներկայացնող քաղաքական լիազօր ներկայացուցիչները, որոնք յետայսու պիտի պաշտպանեն արեւմտահայութեան իրաւունքները: Հակառակ պարագային, գալիք սերունդները մեզի պիտի չներեն մեր թուլութեան եւ այս ոսկի առիթը կորսնցնելուն համար: