Հազարաւոր Լիբանանցիներ երէկ գիշեր փողոց իջան բողոքելու Լիբանանեան թղթոսկիի աննախընթաց անկումը, որ շատ մօտեցաւ 7000 լ.ո. ընդդէմ 1 տոլարի: Բողոքարարները դարձեալ ճամփաներ փակեցին եւ անիւներ այրեցին իրենց ցասումը արտայայտելու համար:
Պէյրութի հրապարակներէն բացի ճամփաներ փակուեցան երկրին գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ինչպէս նաեւ երկրին հիմնական մայրուղին:
Երկիրը արագօրէն դէպի տնտեսական վերջնական անկումի կ՛երթայ մինչ կառավարութիւնը կարծէք ուրիշ մոլորակի վրայ կը գտնուի եւ կ՛աշխատի այն միեւնոյն գործելաոճով, որ իրավիճակը այստեղ հասնելուն գլխաւոր պատճառն էր:
Քորոնա ժահրի համեմատական նահանջէն ետք ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ ժողովրդային ցոյցերը զանազան ձեւաչափերով նոր ուժգնութիւն ստանան: