Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կ՛ահազանգէ

«Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով աշխարհը կրնայ դէմ յանդիման գտնուիլ համաշխարհային պարէնային աղէտի, եթէ շտապ միջոցներ չձեռնարկուին, նշուած է ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի վերլուծական գրառման մէջ:

Անոր խօսքով՝ COVID-19 համավարակը սպառնալիք կը ներկայացնէ աշխարհի առաւել խոցելի հանրոյթները սնունդով ապահովելուն: Գոյութիւն ունեցող պարէնային համակարգերու գործառնութիւնը կրնայ խախտուիլ նոր «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած սահմանափակումներու պատճառով, կը նախազգուշացնէ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարը:

«Սա նաեւ կրնայ յանգեցնել ծանր հետեւանքներու: Եթէ շտապ միջոցներ չձեռնարկուին, ընթացիկ իրավիճակը կրնայ վերածուիլ համաշխարհային պարէնային աղէտի»,- նշած է Կութերէշը:

Անոր խօսքով՝ շատ երկիրներ արդէն կը զգան սննդամթերքի սուր պակասը:

«Դեռ մինչեւ համավարակի սկսիլը հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ քաղցած էին»,- նշած է ան:

ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարը շարք մը յանձնարարականներ տուած է: Անոր կարծիքով՝ պետութիւնները, մասնաւորապէս, պէտք է ապահովեն պարէնային հատուածի աշխատողներու պատշաճ պաշտպանութիւնը, համոզուին, որ մարդասիրական օգնութեան շրջածիրէն ներս սննդամթերքի չափազանց կարեւոր մատակարարումները առանց խոչընդոտներու կը հասնին բնակչութեան առաւել խոցելի խումբերուն:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին