Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Երջօ Սամուէլեան 90,000 Ամ․ Տոլարով Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ ապահովուած է Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան շրջագիծին մէջ երկրորդ 2000 սնտուկ սննթամթերքի պահանջուած գումարը, շնորհիւ ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի 90,000 ամ․ տոլարի նուիրատուութեան, որուն մէկ մասը նաեւ պիտի տրամադրուի այլ ծրագիրներու։

Այս առիթով, շաբաթասկիզբին ընթացք առաւ ցրւումի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն՝ մեր եկեղեցիներուն մէջ։

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ազգային Առաջնորդարանի մնայուն բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ բոլոր ժամանակներուն նե-ցուկ կանգնած է՝ մասնակցելով կարիքաւոր ընտանիքներու աջակցութեան ճիգերուն եւ Առաջնորդարանի ծառայութիւններու ծաւալման նախաձեռնութիւններուն։

Վստահ ենք, որ բարերարին ներդրումը նիւթականի կողքին նաեւ բարոյապէս պիտի նպաստէ, որ ազգայիններուն եւ կառոյցներուն զօրակցութեան ճիգերը բազմապատկուին, որպէսզի հաւաքաբար վերականգնինք եւ շրջանցենք ընկերային-տնտեսական տագնապները։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին