Նախարարաց Խորհուրդը իր երէկուայ նիստին յաջողեցաւ երկար սպասուած նշանակումները կատարել, որ յատկանշուեցաւ, ոչ անպայման արհեստավարժ մօտեցումով: Բոլոր նշանակումներուն մէջ ալ յստակ էր պաշտօններ իշխող քաղաքական կողմերուն միջեւ բաժնելու պարագան:
Ընդհանուր 18 նշանակումներ եղան, որոնց շարքին Կեդրոնական Դրամատան 4 փոխ-կառավարիչները:
Առաջին հակազդեցութիւնը եկաւ Մարատա կուսակցութեան ղեկավար Սուլէյման Ֆրէնժիյէյէն, որուն հակազդեցութիւնը կրնայ մինչեւ իր կուսակցութեան նախարարներու հրաժարականին հանգի:
Այս ընթացքին տոլարի արժէքը աննախընթաց բարձրացում արձանագրեց հանելով 5000 լ.ո. սահմանները:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը