Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսակէտ. Խառն Մտորումներ «Ապրիլ 24»ի Եւ «Մայիս Մէկ»ի Պայծառ Ու Մութ Էջերու Մասին

Չկան անյոյս հիւանդներ. կան՝ անլոյս բժիշկներ։

  • Ինչպէս կոյրերու համար անտեսանելի է արեւի շառ շողը,

այդպէս ալ՝ յիմարներու համար չկայ՝ դէպի ճշմարտութիւն ճամբայ։

  • Մենակութեան մէջ մարդ չի գոյատեւեր, իսկ այն ինչին որ ան կարիքը ունի՝

կը ստանայ հասարակութենէն։

ԱՊՈՒ ԱԼԻ ԻՊՆ ՍԻՆԱ (Ժ. Դար)

 

Պայծառ չէ ներկայիս Համահայութեան երկնակամարը՝ Հայ Սփիւռքի թէ Արեւելահայաստանի վերեւ։ Մեծ կարիքը կայ հասարակագիտութեան «լոյս»ին…։ Թուխ ամպեր կան հոն կուտակուած՝ հայկական պետութեան վերեւ, որոնք կը մթագնեն մեր արեւելումի տեսողութիւնը, եւ մենք՝ գրեթէ կուրացած, չենք տեսներ միջազգային հայանպաստ զարգացումները, որպէսզի փորձենք՝ պայծառ տեսողութեամբ, օգտուիլ այդ նոր զարգացումներէն։ Թէեւ կան՝ գրաւեալ Արեւմտահայաստանի եւ նահանջող Հայ Սփիւռքի մէջ, լուսատու եւ յուսադրիչ անհատներ եւ խումբեր միայն, բայց չկան համահայկական կազմակերպութիւններ՝ կարենալ օգտուելու համար բարբարոսային միաբեւեռ աշխարհակարգին փոխարէն, մակընթացութեան մէջ եղող բազմաբեւեռ մարդկայնական աշխարհակարգին։ Մարդկայնականութեան Արեւն ալ կը ծագի Արեւելքէն, ուր կան երեք հսկաներ՝ Չինաստան, Ռուսաստան եւ Հնդկաստան։

Ներկայ, 2020 թուի «Ապրիլ 24»ն ու «Մայիս Մէկ»ը տուն տուին այս խառն մտորումներուն։

Ապրիլ 24-ի 105-րդ տարելիցին, հայկական Պետութիւնն ու Եկեղեցին, եւ՝ քաղաքական ըլլալ ենթադրուած կուսակցութիւնները, մեքենականօրէն կրկնեցին՝ լոկ Ցեղասպանութեան սոսկ բարոյական ճանաչումը մուրալու մաշած-հինցած սկաւառակը, մոռացութեան տալով Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը. նոյնիսկ՝ Սեւրի Դաշնագրի եւ Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռի դարադարձի տարուան մէջ…։

Սակայն, գրաւեալ Արեւմտահայաստանի մէջ, լուսադէմ եւ յուսադրիչ երկու անհատ հայեր՝ Կարօ Փայլան եւ Լուսին Տինք, պայծառ միտքով եւ ստեղծագործ մտածողութեամբ, Սուլթան Էրտողանը զինաթափ ըրին, ճիշդ Արեւմտահայաստանի մէջ, բարձրաձայն ոգեկոչեցին Արեւմտահայաստանի բռնագրաւման 105-րդ տարելիցը։

Կարօ Փայլան երեսփոխանը՝ թրքական խորհրդարանէն պահանջեց քննել Մեծ Եղեռնի թղթածրարը… փոխանակ զայդ մուրալու օտար խորհրդարաններէն… ջուրը խմելով ճիշդ աղբիւրէն։

Իսկ նահատակն Հրանդ Տինքի եղբօր աղջիկը՝ բեմագիր Լուսին Տինք, 2013-ին աւարտած իր ստեղծագործութիւնը՝ «Սարոյեանի Երկիր» խրոխտ ու խօսուն վերնագրով, բոլորին հասանելի դարձուց առցանց։ Ֆիլմի սեղմ վերնագիրը ինքնին կը նշանակէ Հայոց Երկիրը (Արեւմտահայաստանը), ուր Պիթլիսի մէջ, Սարոյեան չէ հանդիպած հայերէն խօսող հայու մը…։ Այսօր, այդտեղի հայերը կը խօսին միայն թրքերէն կամ քրտերէն…։ Գեղարուեստական այս ստեղծագործութիւնը՝ ուժեղագոյն ամբաստանագիրն է սիոնա-փանթուրք երիտթուրքերու գործած երկակ ոճիրներուն՝ Ցեղասպանութեան, եւ մանաւանդ՝ Տարագրութեան։

Ապրիլ 24-ի առաջին մութ էջը տեսանք արդէն այս գրութեան սկիզբը, հայկական պետական, եկեղեցական ու կուսակցական ելոյթներուն մէջ՝ մոռացումը Արեւմտահայաստանի Հողային Դատին։

Երկրորդ մութ ու կսկծալի էջը գրուեցաւ սիոնական տարատնկեալ պետութեան Փեթախ Թիքվա քաղաքին մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլալով՝ Ապրիլ 24-ի անունով, սիոնական յուշարձան մը հիմնադրուեցաւ, սիոնական անմոռուկին կոթողով, սրբապղծելով մեր նահատակներու գանկերը, որոնք գերեզման իսկ չունեցան, քանի որ ցեղասպանները սիոնափանթուրքական երիտթուրքերն էին։

Փանթուրքիզմի կապը՝ Սիոնիզմի հետ, պորտակապային է։ Փանթուրքիզմի ծրագիրը մշակեցին (գլխաւորաբար հինգ) հրեայ-սիոնական հունգարահպատակ, աւստրիահպատակ, լեհահպատակ, գերմանահպատակ եւ ֆրանսահպատակ պատմաբաններ, որոնց երեքը նոյնիսկ գործածեցին թրքական ծածկանուններ (ինչպէս՝ Թէքին Ալփ, Մուրատ Էֆենտի, Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա)։ Ասոնց հեղինակած հատորները լոյս տեսան 1878-1923՝ յիսուն տարիներու ընթացքին։ Իսկ թուրք առաջին հեղինակը եղաւ 1923 թուին՝ Զիա Կէօքալփը, իր հրատարակած “Türqülüğün Esasları” հատորով…։ Կէս դարու ուշացումով սիոնականներէն։

Փանթուրքիզմի ծրագիրը՝ թուրք ցեղապաշտական ծրագիր չէ, այլ՝ օգտագործելի միջոց մը, Արեւմուտքի իմփերիալիստական այն տէրութիւններուն կողմէ, որոնք կը հետապնդեն ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն՝ դէպի Արեւելք, օգտագործելով Թուրքիան եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ եւ թրքալեզու ժողովուրդները։ Եւ, որպէսզի Թուրքիա Ատրպէյճանի դուռէն անցնի Կասպից Ծովը եւ հասնի Կեդրոնական Ասիա, անհրաժեշտ կ՚ըլլայ՝ որ Թուրքիա հողային անմիջական կապ հաստատէ Ատրպէյճանի հետ։ Իսկ ասոր համար ալ՝ անհրաժեշտ կ՚ըլլայ Արեւմտահայաստանն ու Արեւելահայաստանը վերացնել աշխարհագրական քարտէսէն ու Պատմութենէն…։ Ծաւալապաշտական այս ծրագիրը, հերթով օգտագործել փորձեցին, նախ՝ Գայզերական Գերմանիան՝ նորելուկ իմփերիալիզմը, Ա. Աշխարհամարտին։ Ապա՝ բրիտանական հնամենի իմփերիալիզմը, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, երբ բրիտանական ու ֆրանսական իմփերիալիզմները տիրական էին յետ-պատերազմեան աշխարհակարգին մէջ։ Եւ հուսկ՝ ամերիկեան իմփերիալիզմը, մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ եւ անկէ ետք ալ՝ մինչեւ Սովետ Միութեան կազմալուծումը…։ Իսկ նացիական Գերմանիան, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, միակն էր որ կ՚օգտագործէր Փանթուրքիզմի ծրագիրը։ Պատմական երկու փաստեր կան՝ Գայզերական Գերմանիոյ արտգործ նախարարութեան կեդրոնական դերակատարութեան մասին, Վիլհելմ Կայսեր օրով։ Իբրեւ երիտասարդ իմփերիալիստ երկիր, որդեգրեց Տրանք Նախթ Օսթէնի (ծաւալում դէպի Արեւելք) ստրատեգիան, Պերլինի մէջ հաստատելով Փանիսլամիզմի կեդրոնը, եւ ապա Փանթուրքիզմի ծրագրի առաջին անհրաժեշտ քայլը համարեց՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ հողային անմիջական կապ հաստատելու համար՝ միջանկեալ տարածքին ժողովրդագրութեան արմատական վերափոխումը (այսինքն՝ քրիստոնեայ բնակչութեան վերացումը եւ հոն իսլամ բնակչութեան հաստատումը…)։

(Այս բոլորի մասին տեսնել՝ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի «Սիոնիզմի եւ Փանթուրքիզմի Առնչութիւնները, եւ Անոնց Սպառնալիքը՝ Հայաստանի Լինելութեան», Պէյրութ, 1990, հրատ. Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի, եւ՝ Charles Hostler-ի “Turkey and the Soviets” (Beirut, 1956), նաեւ՝ Դոկտ. Սալէհ Զահրետտինի արաբերէն հատորը՝ «آلأرمن: شعب وقضيّة» (١٩٨٨، الدار التقدميّة، بعقلين)։

Պատմական այս իրականութեան լոյսին տակ կը պարզուին երկու ճշմարտութիւններ։ Մէկը. թէ ծաւալապաշտական բարբարոսային ծրագիրը՝ ժողովուրդ մը իր հայրենիքով աշխարհի քարտէսէն ու պատմութենէն ջնջելու, գործադրութեան դրուեցաւ Ա. Աշխարհամարտին, որ իմփերիալիստական պատերազմ մըն էր, նորելուկ (Գայզերական Գերմանիա) եւ հին (Բրիտանիա, Ֆրանսա ու Ցարական Ռուսաստան, որ դուրս եկաւ այս իմփերիալիստական պատերազմէն՝ 1917 թուի Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեամբ) իմփերիալիստական տէրութիւններուն միջեւ՝ Աշխարհը իրենց միջեւ վերաբաժանելու համար։ Իսկ միւսը. թէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ու զանգուածային Տարագրութեան երկակ ոճիւրին քրէական հեղինակը Գայզերական Գերմանիան էր, զայն կարելի դարձնող Փանթուրքիզմի վարդապետութիւնը մշակողը Սիոնիզմն էր, իսկ գործադրութեան գործիքը՝ Թուրքիան…։

Այլ խօսքով. Մեծ Եղեռնի  բուն նպատակը՝ ոչ թէ լոկ Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր, այլ աւելի կարեւորը՝  զանգուածային Տարագրութիւնն էր, որ կրնար հայաթափել Արեւմտահայաստանը, կարելի դարձնելու համար Արեւմտահայաստանի ջնջումը Աշխարհի քարտէսէն ու պատմութենէն…։

Հայութիւնը իրաւունքը չունի մոռնալու այս պատմական երկու ճշմարտութիւնները հաւասարապէս, եւ՝ կեդրոնանալու միայն 1.5 միլիոն հայերու կորուստին վրայ, քանի որ հայրենիքին կորուստը շատ աւելի մեծ է եւ շատ աւելի դժուար վերականգնելին…։

Ուրեմն. հայ ժողովուրդի մեծագոյն թշնամին՝ Իմփերիալիզմի հանգրուանին հասած դրամատիրութիւնն է։

Այս տարի, Արեւելահայաստան «Մայիս Մէկ»ը նշեց դարձեալ որպէս Աշխատանքի Օր…, որ դրամատիրութեան նենգափոխումն է Մայիս Մէկի բովանդակութեան, որ իր ծննդեան օրէն՝ ԱՄՆ-ի մէջ, կը նշանակէ Բանուոր Դասակարգի Պայքարի Օրը, դրամատիրական դասակարգի շահագործումին դէմ։ Մայիս Մէկի դրամատիրական նենգափոխումը կ՚որդեգրեն՝ միմիայն, դրամատիրական համակարգեր, որոնք կը ծածկեն դասակարգային շահագործումը, եւ կ՚ուրանան դասակարգային պայքարի գոյութիւնը։ Այլ խօսքով՝ ընկերային ազատագրութեան հանգրուանը, որ կը յաջորդէ ժողովուրդի մը ազգային ազատագրութեան հանգրուանին։ Ազգայինը՝ օտար լուծէն, ընկերայինը՝ ներքին դասակարգային լուծէն։

Ուրեմն, Նիկոլ Փաշինեանի թաւշեայ «յեղափոխութիւն»ը՝ դրամատէր օլիգարխներու դէմ չէ, ինչպէս կը յաւակնէր Փաշինեան, առաջին օրերուն։ Այդ պարագային, որո՞ւ դէմ էր իր թաւշեայ շարժումը։ Օլիգարխներու մէկ թեւին դէմ ու միւս թեւին հե՞տ։ Ասիկա ոչ յեղափոխութիւն կրնայ կոչուիլ, եւ ոչ ալ՝ յեղաշրջում. այլ միայն՝ օլիգարխիական համակարգէն ներս, տարբեր խումբերու միջեւ հերթափոխութիւն։

Հետեւաբար, Արեւելահայաստանը բեւեռացուած կը մնայ օլիգարխիական փոքրամասնական դասակարգի եւ աշխատաւորներու մեծամասնական դասակարգի միջեւ…։

Դասակարգային այս բեւեռացումը չի կրնար կերտել ազգային համերաշխութիւն։ Եւ՝ պայքարը կը շարունակուի Փաշինեանի խումբի օլիգարխներուն եւ միւս խումբի օլիգարխներուն միջեւ։

Մեր հաստատ համոզումով, Մոսկուայի վերջին կարծրացումը ոչ մէկ կապ կրնայ ունենալ օլիգարխներու բեւեռին հետ, այլ՝ զգաստութեան կոչ մըն է վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ ծայր առած հակառուսական արշաւին դէմ։

Փութինի Ամանորեան շնորհաւորագիրը Փաշինեանին, անոր կը յիշեցնէր հայ եւ ռուս ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնն ու ներկայի զինակցութիւնը։ Եւ Մոսկուա չի կրնար լուռ մնալ Հայաստանի մէջ հակառուսական արշաւին նկատմամբ։ Հայաստան եւ Ռուսաստան գոյութենական զինակիցներ են՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ, որ թուրք-թաթարական է (այսինքն՝ թրքական եւ ատրպէյճանական)։ Որովհետեւ՝ Ռուսաստանի գոյութենական շահերը կը պահանջեն որ Փանթուրքիզմի ծաւալման դէմ՝ Հայաստանի պատնէշը զօրաւոր մնայ… եւ ոչ թէ տկարանայ։

Փութինի Ռուսաստանը Բիւզանդիոնի սխալը չի գործեր, որ փոխանակ զօրաւոր պահելու Հայաստանի պատնէշը  սելճուքեան արշաւանքին դէմ, ինք նուաճեց ու տկարացուց այդ պատնէշը, եւ ինք՝ պարտուեցաւ սելճուքեան արշաւանքներէն…։

Մենք պէտք չէ  մոռնանք որ Փանթուրքիզմի ծրագիրը կը սպառնայ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ Իրանի ու Ռուսաստանի, մինչեւ անգամ՝ Չինաստանի։ Եւ ասիկա բարեբախտութիւն է Հայաստանի համար, քանի որ յիշեալ երեքը կը դարձնէ Հայաստանի բնական դաշնակիցները՝ Փանթուրքիզմին դէմ։ Պայմանաւ՝ որ Հայաստան բարուոք յարաբերութիւններ պահպանէ այս երեքին հետ, առանց շփանալու՝ տուեալ սեպելով այս երեքին բարեկամութիւնը, անոնց դէմ քաջնազարեան արտայայտութիւններ կատարելու՝ մոռնալով թէ ինք այդ երեքէն փոքրագոյնն է…։ Ռուսական բանակին ներկայութիւնը՝ Հայաստանի Թուրքիոյ հետ ունեցած սահմանագիծին վրայ, գրաւող բանակ չէ, ոչ ալ միայն բարեսիրական բանակ. այլ՝ թէ Հայաստանը եւ թէ Ռուսաստանը պաշտպանող բանակ, քանի որ երկու երկիրներու ազգային գոյութենական շահերը կը համընկնին իրարու։

Եւ պատմական փաստ է, որ Ցարական Ռուսաստանը Թուրքիոյ պարտադրեց Սան-Սթեֆանոյի Դաշնագրի Յօդ. 16-րդը, եւ Սովետական Ռուսաստանը հրատարակեց Արեւմտահայաստանի Անկախութեան Դեկրետը…։ Եւ՝ Փութինեան Ռուսաստանը այսօր կը պաշտպանէ Հայաստանը՝ թրքական սահմանագիծին վրայ։

Տարբեր վարչակարգերով Ռուսաստանի այս հետեւողական վարքագիծը աշխարհաքաղաքական հաստատուն (constant) մէկ հրամայականին արտայայտութիւնն է, զոր պէտք չէ մոռնան Ռուսաստան եւ Հայաստան։

Սակայն, մեր քաղաքադիւանաՏգիտութեան հետեւանքով, Հայաստան եղած է յաճախակի մոռցողը…։ Բայց Ռուսաստան երբեք չէ մոռցած…։ Ընդհակառակը, միջամտած է Թուրքիոյ գրաւման դէմ, հակառակ Հայաստանի ղեկավարութեան կամքին, 29 Նոյեմբեր 1920 թուին… երբ այդ ղեկավարութիւնը կը մերժէր հրաւիրել Թիֆլիսի մէջ սպասող Լեգրանի պատուիրակութիւնը։ Եւ Կարմիր Բանակի 11-րդ զօրաբաժինը կը փրկէր Հայաստանը թրքական առյաւէտ գրաւումէն։

Ուրեմն. Փաշինեան, իր քաջնազարեան հակառուսական ելոյթներով, արդէն Հայաստան գտնուող ռուսական զօրքը պէտք չէ վերածէ գրաւող զօրքի…։ Հասկնալի՞ է…։

Ահա այս պատճառներով, մեր մտորումները չեղան անխառն, Ապրիլ 24-ի եւ Մայիս Մէկի օրերուն, երբ արձանագրուած էջերը եղան մութ ու մտահոգիչ էջեր, հակառակ այն մի քանի անհատական էջերուն յուսադրիչ եւ լուսաւոր ըլլալուն…։

Այդ ե՞րբ է որ մեր քաղաքադիւանապատմաՏգիտութեան վերջ պիտի տանք։

 

(Յապաւումներով)

 ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին