Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, Տնօրէնութիւնը եւ ողջ ուսուցչակազմը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն վարժարանիս հոգաբարձութեան երկարամեայ նախկին գանձապահ, նորոգ հանգուցեալ Ընկ. Գրիգոր Քիւրէճեանի կողակից՝ Ընկերուհի Մաքրուհի Քիւրէճեանի անակնկալ մահը:
Ընկերուհի Քիւրէճեան իր կողակիցին հետ միասին, անշահախնդիր հոգատարութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ վարժարանիս կրթական վերելքին ու գոյատեւման: Անոր թողած վաստակն ու նուիրումը դրոշմուած պիտի մնայ վարժարանիս բազմամեայ պատմութեան մատեանին մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Հոգաբարձութիւն, Տնօրէնութիւն եւ Ուսուցչակազմ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը