Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ իր ամենաուժեղ յարձակումը ըրաւ նախագահ Աունի դէմ: Արդարեւ ան զինք ամբաստանեց սահմանադրութեան խախտումով: Հարիրի մատնանշեց, որ Ուն կը ջանայ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնել երկրին վարչական, տնտեսական եւ ֆինանսական դաշտերը այնտեղ նշանակելով անձեր, որոնք մօտ են իր խումբին: Հարիրի այս ընթացքը որակեց հակասահմանադրական, որ կը սպառնայ համակեցութեան եւ համերաշխութեան:
Հարիրի Աունի նախագահութեան մինչեւ օրս չորսամեայ նախագահութիւնը որակեց «ձախողութիւն, անորոշութիւն եւ չարակամութիւն»: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս յարձակումը կատարեց իր թիութըրեան շարք մը գրառումներով: