Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Էրտողանը Հրահանգած է Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Թանգարանէն Մզկիթի Վերածել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հրահանգած է Պոլսոյ մէջ գտնուող բիւզանդական նշանաւոր Սուրբ Սոֆիայի (Այա Սոֆիա) տաճարը վերածել մզկիթի՝ զրկելով թանգարանի կարգավիճակէն։ Այս մասին կը տեղեկանանք Ermenihaber.am-էն։

Երբեմնի քրիստոնէական հռչակաւոր տաճարը Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով՝ 1934-ին ստացած էր թանգարանի կարգավիճակ։

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) գործադիր խորհուրդի նիստին քննարկուած է Սուրբ Սոֆիայի մէջ ամենօրեայ հնգապատիկ աղօթք ընելու հարցը։

«Այա Սոֆիայի մէջ աղօթք կը կատարուի եւ ատիկա միայն ու միայն մեր սուրբ ժողովուրդին որոշելիքն է»,- յայտարարած է Էրտողանը։ Ըստ անոր՝ Այա Սոֆիայի մէջ պէտք է ըլլան քուրանեան ընթերցումներ եւ անիկա իբրեւ մզկիթ իր դռները պիտի բանայ զբօսաշրջիկներուն առջեւ այնպէս, ինչպէս Պոլսոյ Սուլթանահմեթ մզկիթը։

Յիշեցնենք, որ դեռ 2019-ին, երբ լրագրողները հարցուցած էին, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր է թանգարանի կարգավիճակ ունեցող Այա Սոֆիայի մուտքը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար դառնայ անվճար, Էրտողանը պատասխանած էր.

«Հնարաւոր է: Աւելին, մենք այս խնդրով կրնանք այնպէս զբաղիլ, որ անոր անունը արդէն ոչ թէ թանգարան ըլլայ, այլ՝ մզկիթ: Ինչպէ՞ս զբօսաշրջիկները կ՝այցելեն Սուլթանահմեթ մզկիթ, որեւէ վճարում կ՝ընե՞ն: Ո՛չ: Կ՝այցելեն Սուլթանահմեթ, Սիւլէյմանիյէ, Ֆաթիհ մզկիթներ: Նոյն բանը Այա Սոֆիայի պարագային պիտի ընենք՝ թանգարանի կարգավիճակէն դուրս պիտի հանենք»:

Նշենք, որ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը գրանցուած է UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին