Լիբանանի տնտեսութեան վատ վիճակը յաւելեալ հարուած մը եւս ստացաւ ԱՄՆ նոր պատժամիջոցին պատճառով, որ կը միտի պատժել սուրիական վարչակարգը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը գործակցին անոր հետ:
Տիապի կառավարութեան համար դժուար կացութեան վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ այս պարագան: «Կեսարի օրէնք»ը կոչուող ամերիկեան նոր միջոցառումը անպայմանօրէն ժխտական արձագանգ պիտի ունենան Լիբանանի արդէն իսկ անկում ապրող տնտեսական վիճակին վրայ, որովհետեւ սուրիական կողմին հետ առեւտուր ընող շատ մը գործարարներ պիտի խուսափին իրենց գործը շարունակել խուսափելու համար պատիժներէ: