Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ զգուշացուց ցուցարարները, որ երկիրը դէպի քաոս չառաջնորդեն: Ան յայտնեց, որ եթէ ճամբաները փակելու եւ ապահովական ուժերու հետ փախումներուն եւ վաճառատուներ քանդելու միտում ըլլայ ապա շատ անկայուն վիճակ մը կը ստեղծուի, որ ոչ մէկ կողմի համար ձեռնտու է:
Տիապի այս զգուշացումը եկաւ նախարարաց խորհուրդի երէկուայ նիստէն ետք, որուն ընթացքին կառավարութիւնը առողջապահական արտակարգ իրավիճակը երկարաձգեց մինչեւ յառաջիկայ Յուլիսի 5-ը:
Նշենք, որ երէկ արձանագրուեցան 50 նոր վարակակիրներ: Արձանագրուեցաւ նաեւ մահուան մէկ դէպք: