Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Ազգային Գրադարանի Ելեկտրոնային Շտեմարանները Կրկին Հասանելի Են

Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Սարիբէկեան այսօր յայտնած է, որ գրադարանի ելեկտրոնային շտեմարանները կրկին հասանելի են, Այս մասին կը տեղեկանանք «Մեդիամաքս»-էն։

«Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն մենք զանոնք փորձարկած ենք, հասանելի եղած են մինչեւ ժամը 18:00, իսկ հիմա 24-ժամով առցանց պիտի ապահովենք համակարգող սարքերու սպասարկումը”,- ասուլիսի ժամանակ ըսած է ան:

 Ներկայիս հասանելի է եւ գրադարանի պաշտօնական` www.nla.am կայքը, որ թարմացուած է, եւ թուայնացուած թերթերու, ամսագիրներու ու գրքերու https://tert.nla.am/ հարթակը:

 Իսկ Մայիս 10-ին գրադարանի թուայնացուած արխիւներու համակարգող սարքերու վնասուելու առնչութեամբ իրականացուող փորձաքննութեան արդիւնքներուն անդրադառնալով՝ տնօրէնի պաշտօնակատարը ըսած է. 

«Կը սպասենք փորձաքննութեան վերջնական եզրակացութեան: Դեռ մարդկային միջամտութեան գործօնը, դիտաւորութիւնը չէ հերքուած: Վերջնական դիրքորոշումս պիտի ներկայացնեմ ծառայողական քննութեան աւարտէն ետք»:

 Սարիբէկեան աւելցուցած է, որ այս ընթացքին ամբողջ թուայնացուած արխիւը կրկնապատճէնած են. «Երկու տարբեր տեղ կը պահենք պատճէնները: Կը դիտարկենք նաեւ լրացուցիչ սարքեր ձեռք բերելու հարցը”:

 Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին