Հայաստանի մէջ, 3 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 10524 դէպք, որոնցմէ 3454 ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6841 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 61 650 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 515 նոր դէպք եւ 27 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 12 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 170):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 82, 64, 86, 79, 54, 68, 83 տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 85, 46, 79, 62 տարեկան կանայք։






