Այսօրուայ իր նիստին կառավարութիւնը կը պատրաստուի անգամի մը համար եւս երկու շաբաթով երկարաձգել նախազգուշական արգելափակումներու ժամկէտը քորոնա ժահրէն վերջնականապէս ազատուելու միտումով:
Ինչ այդ Նախագահ Միշէլ Աուն մերժեց այն բոլոր մեղադրանքները, որոնք ուղղուած էին իրեն վերջին օրերուն: Աունի այս կեցուածքը եկաւ Մուսթաքպալ պլոքի իր դէմ արձակուած կեցուածքէն ետք, որուն մէջ անոնք նախագահը մեղադրեցին կառավարութեան իրաւասութիւններուն մէջ միջամուխ ըլլալու մեղադրանքով, բան մը, որ կը հակասէ Թաէֆի համաձայնագիրը: