ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըսի շրջանին ուրբաթ օրէն սկսեալ գրեթէ 2.7 հազար մարդ ձերբակալուած է: Այս մասին կը յայտնէ Los Angeles Times պարբերականը:
Համաձայն թերթի տուեալներու՝ ցոյցերու ժամանակ՝ ուրբաթ օրէն մինչեւ երեքշաբթի առաւօտեան, նուազագոյնը 2216 մարդ ձերբակալուած է Լոս Անճելըսի մէջ: Եւս 475 մարդ ձերբակալուած է Սանթա Մոնիքա եւ Լոնկ Պիչ քաղաքներուն մէջ:
Անոնց մեծամասնութիւնը ձերբակալուած է ոստիկանութեան չենթարկուելու, պարէտային ժամը խախտելու, ինչպէս նաեւ գողութիւն ընելու եւ իրաւապահներուն վրայ յարձակելու համար: Շրջանի իշխանութիւնները նաեւ հաղորդած են, որ պարէտային ժամը երկարաձգուած է: