Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Նիւ Եորքի Մէջ Մէկ Շաբաթով «Պարէտային Ժամ» Յայտարարուած Է

ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ երէկ երեկոյեան մեկնարկած պարէտային ժամը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբթուայ վերջ: CNN-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տե Պլազիոն:

Պարէտային ժամ սահմանուած է ամէն օր 20:00-էն մինչեւ 05:00-ը: «Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ բռնութիւն: Մենք չենք հանդուրժեր ոստիկաններու նկատմամբ յարձակումները: Մենք չենք հանդուրժեր ատելութեան սերմանումը»,- ըսած է Պլազիոն:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ շարք մը քաղաքներու մէջ պարէտային ժամ սահմանուած է՝ պայմանաւորուած սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք փողոց դուրս եկած ցուցարարներու բազմութեամբ, որոնք նաեւ անկարգութիւններ եւ աւերածութիւններ կ’իրականացնեն փողոցներուն մէջ:

Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ տղամարդը ձերբակալութեան ժամանակ խեղդամահ ըրած է Մինեապոլիսի ոստիկանութեան նախկին սպայ Տերեք Չաուվինը, որ այժմ ձերբակալուած է: Հազարաւոր ցուցարարներ տարբեր քաղաքներու մէջ կը պահանջեն խստագոյնս պատժել Չաուվինը:

 Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին