ԱՄՆ մէջ քաոս է: 40 մեծ քաղաքներ արդէն պարէտային ժամ յայտարարած են: Երէկ նուազագոյնը 5 ոստիկաններ զոհ գացին ցուցարարներու կրակոցին:
Իրավիճակը զսպելու համար Նախագահ Թրամփ սպառնաց բանակին պարտականութիւն տալ վերջին օրերուն ծայր առած անկարգութեանց:
Միջազգային լրատու գործակալութիւններու տարածած ուղիղ եթերով նկարահանումը արդէն քաղաքացիական պատերազմի տեսարաններու տպաւորութիւն կու տայ: Իրավիճակը այսօր հոն իր տարողութեամբ եւ վայրագութեամբ աննախընթաց է:






