ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Սիրելի Պրն. խմբագիր,
Վահան Թէքէեանի եգիպտահայ Արեւին մէջ լոյս ընծայած խմբագրականները կը կարդայի: Այս մէկը ուզեցի կիսել քեզի եւ Զարթօնքի ընթերցողներուն եւ հետը բոլոր անոնց որոնք նախանձախնդիր են հայկական իրականութեան բարելաւման:
Խմբագրականին մէջ, հրատարակուած 2 Յուլիս 1915ին, կը կարդանք Թէքէեանի կսկիծը, հոգիի տոչորումն ու կծկումը՝ ի տես Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ ուրիշ հայոց վարմունքին, վերաբերումին:
Ինծի համար՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկային, համամարդկային եւ հայկական տագնապ մըն էր (եւ է): Մե՛ծ տագնապ մը: Այսօր մարդկութիւնը եւ հայութիւնը, իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւններէն, կը դիմագրաւէ ուրիշ տագնապներ: Թերեւս մեզի՝ հայերուս համար, մեր դիմագրաւած տագնապները շատ խոշոր են: Ուշադիր ըլլանք եւ չկրկնենք Թէքէեանի մատնանշած «ուրիշ հայերու» վերաբերումի սխալը:
Կը կարծեմ, Թէքէեան, իբրեւ խմբագիր, ուզած է լաւատեսական, յուսադրիչ շունչ մը դնել այդ սեւ իրականութեան ընդդէմ: Ինծի կը թուի – աւելի ճիշտը՝ համոզուած եմ – որ եթէ մենք Թէքէեանի մատնանշած մեր բացասական վերաբերումը – մեր ընթացքը – բարեփոխենք՝ մե՛նք ՀԱՍՏԱՏԱՊԷՍ յառաջացուցած-գոյացուցած կ’ըլլանք այն յոյսը զոր Թէքէեան կը տեսնէր նորածինի «տկար խեղդուկ ճիչին» մէջ:
Յարգանօք՝
Անդրանիկ Տագէսեան
«Զուլու՜մ, զուլու՜մ, զուլու՜մ…: Հայերէն առածը կ’ըսէ. «Մինչեւ առուէն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ: Գիշեր, ցերեկ կը սպասենք ազատութեան արշալոյսին. ե՞րբ պիտի տեսնենք աշխարհի խաղաղութիւնը…»:
Քեմախէն գրուած նամակէ մըն են այս տողերը՝ որոնց արտայայտած ու ներշնչած զգացումին խորութեանը ոչինչ կը հաւասարի, ո՛չ ընդարձակագոյն մանրամասն նկարագրութիւնը, ո՛չ ալ դրական ամէնէն ցնցող կոչը ի մասին հայկական ահագնածաւալ աղէտին:
Կը տեսնես այդ քանի մը բառին մէջ հայութիւնը՝ թրքութեան երկաթէ աքծանին մէջ բռնուած, որ ոսկորները կոտրտուելով ճզմուելու եւ մեռնելու վրայ է: Բայց եւ կը տեսնես միեւնոյն ատեն որ հոգին սեղմեր է ակռաներուն մէջ եւ չ’ուզեր զայն արձակել՝ մինչեւ որ չնշմարէ «ազատութեան արշալոյսին» ծագիլը…: Բայց, «ե՞րբ պիտի տեսնենք աշխարհի խաղաղութիւնը…», կը հեւայ անպ ոգեսպառ, սկսելով ինքզինքին հարցնել թէ վերջին շունչը փչելէն առաջ արդեօ՞ք պիտի տեսնէ՞ զայն…:
Կեանքի մեկնումէն աւելի տխուր է յոյսի՛ն մեկնումը մարդկային էութենէն: Այնչափ ատեն, որ ցաւի ու տանջանքի ամէնասուր զգայութիւններուն մէջ անգամ, դեռ կը մաքառինք եւ դեռ կը պահենք այդ վիճակէն փրկուելու մեր յոյսը, հաւասար ենք բոլոր ապրողներուն՝ որովհետեւ մեզի մնացած գուցէ միակ վայրկեանի մը կեանքն ալ ապագային ամբողջ անհունութեամբը դեռ լա՜յն է ու լի մեզի համար: Եւ կեանքը, անշուշտ, իր այս անորոշ երկարաձգման, կամ այս անսահման ապագայի իր յոյսո՛վն է միայն որ կեանքն է…:
Ճիշտ է եթէ հայերէն թերթի մը խմբագիրը – այս միջոցիս – պէտք չէ անձնատուր ըլլայ յուսահատութեան, պէտք է ընդհակառակն ինք զօրանայ՝ ուրիշներն ալ զօրացնելու, ինք դիմադրէ՝ ազգովին դիմադրութեան մեծագոյն հնարաւոր ուժը կանգնելու համար մահուան ուժին դէմ որ ահա՛ շրջապատեր է զմեզ:
Բայց ինչպէ՞ս կարելի է ասիկա երբ հայ է խմբագիրը, երբ իր հաղորդածէն աւելի գէշ լուրեր կը լսէ զորս ստիպուած է յաճախ իրեն վերապահել, եւ երբ իր անմիջական միջավայրին՝ հայութեան այն պզտիկ մասին մէջ ալ ուր բախտը բերած ձգած է զինք, ոչինչ կը գտնէ իրեն քիչ մը սիրտ տուող, ոչի՛նչ բայց միայն ոմանց քով լուսնային անտարբերութիւն, ուրիշներու քով ճղճիմ եւ անժամանակ մտահոգութիւններ (որոնք անցեալ տարի ներելի ըլլային թերեւս՝ բայց ներկայ վայրկեանին անհեթեթութեանց անհեթեթութիւնն են…) եւ ուրիշ-ուրիշներու մօտ ալ՝ եղբայրատեաց կատաղութեան փրփուր մը որ հրէշային է պարզապէս ա՛ս ալ…: Երբ այսպէ՛ս դուրսէն ու ներսէն ինքզինք ենթարկուած կը գտնէ տանջանքներու մեծագոյնին, բան մը, օգտակար բան մը ընելու անկարելիութեան տանջանքին, այն ատեն, այո՛, հայ խմբագիրը սրտանց երանի կու տայ իր թերթին մամուլը դարձնող արաբ բեռնակրին անգամ եւ կը փափաքի ինքն անոր տեղը անցնիլ, ա՛ն ըլլալ ու բան մը չգիտնալ, բան մը չզգալ, բան մը գրելու պարտաւոր չըլլալ այլեւս…:
Ամէնքս տեսեր ենք մեր ընտանիքներուն մէջ, որ սուգի ատեն իրարու քով կու գան ընտանիքին անդամները, եւ եթէ ուրիշ բան չեն կրնար ընել, չեն կրնար մեռելը ողջնցնել եւ իրար մխիթարել ալ չե՛ն կրնար, գոնէ իրենց արցունքին եւ հեծկլտանքին մէջէն ատեն-ատեն կը նային իրարու եւ այս նայուածքը՝ որ ցաւին մէջ իրենց միութիւնը կը յայտնէ անոնց՝ ուժ կու տայ կրելու իրենց վիշտը, արցունքի նոր հեղեղներ կը պոռթկացնէ բայց նաեւ պատճառ կ’ըլլայ որ անոնք վերադառնան ու կրկին կապուին կեանքին…: Երբեմն ալ, այդ ժամերուն, պզտիկ տղայ մը որ անկիւն մը քաշուած կծկտած է՝ չկրնալով թափանցել մահուան գաղտնիքին, յանկարծ կու գայ կը փարի սգաւորին ծունգերուն, որ խելայեղ թափով մը կը գրկէ զայն եւ անոր այտերուն վրայ կը թափէ իր արցունքը, նուազ դառն եւ արդէն իսկ սփոփա՛նքի արցունքներ կարծես…:
Բայց, ըսէ՛ք, ու՞ր է այդ մանուկը հիմա. ինչու՞ զայն չենք տեսներ, ինչու՞ իրար անգամ չենք տեսներ, այս որքա՞ն մութ է շուրջերնիս…:
Ո՞վ կրնայ քիչ մը լոյս տալ մեզի, քիչ մը լոյս եւ քիչ մը յոյս մեզի…:
Բայց յուսահատութիւնը պահ մը միայն կը տեւէ…: Այդ ի՞նչ ձայն է, ի՞նչ տկար ու խեղդուկ ճիչ՝ որ կը լսուի հեռուէն, տանը ուրիշ մէկ սենեակէն: – Նորածինի մը ձայնն է, Հայկական Ազատութեան առաջին աղաղակը որ կը հնչէ մեր սուգին մէջ եւ մեզ ընդոստ կը կանչէ դարման ու խնամք տանելու իրեն, զինք պաշտպանելու եւ զօրացնելու:
«Քիչ մը» չէ, անհու՛ն յոյս է ասիկա, եւ մենք կ’ոգեւորուինք ահա…: