Կիրակի օրուայ տուեալներով Լիբանանի մէջ գրանցուած է քորոնա ժահրի արդիւնքով մահուան դէպք մը, որ առաջինն է երկար ժամանակէ ի վեր: Զուգահեռ արձանագրուած են 29 նոր վարակակիրներ Լիբանանի մէջ վարակակիրներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 1220-ի:
Քորոնա ժահրին հետեւանքով Լիբանանի մէջ ցարդ պատահած են 27 մահուան դէպքեր: Մինչ այդ 712 վարակակիրներ բուժուած են: Իսկ այժմ խնամքի տակ կան 481 պարագաներ:
Երէկուայ արձանագրուած թիւէն 27-ն արտերկրէն Լիբանան հասած քաղաքացիներու շարքերէն են. հաստատեց Առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Նոյն աղբիւրը հաստատեց, որ անոնցմէ 16-ն վերջերս Կապոնէն վերադարձած են: Ինը վարակակիրներ կան վերջերս Քոնկոյէն վերադարձած քաղաքացիներուն մէջ: