Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կնոջ՝ Աննա Յակոբեանէն։
Զրոյցին ընթացքին տիկին Յակոբեան շնորհաւորեց տիկին Օհանեանի նախարարութեան պաշտօնը՝ մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք։
Քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանահայութեան իրավիճակն ու անոր դիմաց ցցուող դժուարութիւններն ու զանոնք հարթելու կարելիութիւնները։
Աննա Յակոբեան յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնի աշխատանքներուն եւ աշակերտներուն բարեկեցութեան մասին, նկատի ունենալով, որ նախարար Օհանեան կը վարէ նաեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնը։
Զրոյցը առիթ եղաւ նաեւ մօտիկ ապագային գործակցութեան հաւանական կարելիութիւններ որոնելու։
Նախարար Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Յակոբեանին՝ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար եւ խնդրեց իր ջերմագին ողջոյնները փոխանցել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
Պէյրութ, 30 մայիս 2020






