Լիբանանցի պատասխանատուներու կեցութեան վայրերուն շուրջ կայացող բողոքի ցոյցերուն ծիրէն ներս երէկ խումբ մը քաղաքացիներ Պաապտայի նախագահական պալատի շատ մօտ դիրքի մը կրցած էին մօտենալ: Շրջանը վերահսկող բանակային մեծ թիւով ուժեր արգիլեցին ցոյցին շարունակութիւնը եւ հոն պատահածներու նկարահանումը:






