Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Բայց

«Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ» (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1: 5): Ինչու՞  «ԲԱՅՑ» եւ ոչ թէ «ԵՒ»: Անցնինք:

Երբ ճամփեզրին նետահար անձ մը տեսնես, մօտենաս անոր ձեւով մը օգտակար ըլլալու, նախ նետը կ՛անջատես մարմնէն, արիւնը կը դադրեցնես եւ այլ բուժական խնամքներ տանելէ ետք կը հարցուփորձես զոհը, հաւանական պատճառին, պատճառներուն մասին եւ այլ հարցումներ, ստուգելու եղելութիւնը: Ներկան անցեալին շարունակութիւնն ու արդիւնքն է միանգամայն (Պուտտիստական):

Կան իմաստուններ, որոնց խորհուրդներէն մին՝ մոռնալ անցեալը որպէսզի կարենաս յառաջանալ,  քանի որ անցեալը կը կաշկանդէ յառաջընթացը.        իհարկէ խօսքը ժխտական անցեալի մասին է: Այլապէս պէտք է աւելի ոգեւորուելով հրահրել զայն՝ յաղթանակէ յաղթանակ անցնելու: Սակայն երբ խնդիրը կը կայանայ ժխտական անցեալի պարունակին՝ որ տակաւին կ՛ապրի մէջդ, այդ արդէն եղած է առօրեային մէկ մասը, բաժնեկիցը,  ինքնաբերաբար կ՛արգելակէ յառաջխաղացքը. Այսինքն եթէ անցեալը պատմական է, անոր հոգեբանական ու մտածողութեան ազդեցութիւնը, որմէ՝ ապրելակերպը կը դառնայ տիրական ու օրերու հետ միաձոյլ: «Մարմնի վէրքը՝ արտաբացուած դանակէ՝ ի՜նչ արցունքներ դառնակայլակ կը քամէ: Սրտի վէրքը, ո՜հ դառնագոյն է, Աստուած»: Սրտի վէրքը որ ամբողջ անցեալ մը ունի. Գոնէ հինգ հարիւր տարուան, կը բնորոշուի տեղահանութեամբ՝ Ափրիկէէն ԱՄՆ, գերեվարութեամբ եւ մասամբք նորին: Աւելցնենք Գոյնը… ահա նշանը որ բացատրութեան չի կարօտիր: Կայ ամբողջ պատմութիւն մը դարերու:

Գործընկերներէս մին ափրիկեցի էր. Երբեմն կ՛արծարծուէր սեւ-ճերմակի նիւթը, ի հարկէ զգայնոտութիւն մը անջնջելի. Կ՛ուզէի քիչ մը ամոքել. Ունէի, վաղուց պահած էի  հետաքրքրական ըլլալուն եւ  իմ մտայնութեան (մարդասիրական) հաշւոյն. THE ENGLISH DIGEST ամսաթերթի 1955թուի Հոկտեմբերի թիւն էր. Պատճենահանեցի օրինակ մը իրեն տրամադրելու, իբրեւ սփոփանքի փորձ մը գէթ իմ կողմէս ու գրութեան պարունակին: Յօդուածին խորագիրն էր «Երբ սպիտակ աղջիկ մը կ՛ամուսնանայ սեւի մը հետ»: Կը սկսէր .- «սեւ, սպիտակ, կամ դեղին, հոմօ սափիէն են. եզրակացնելով՝ «Մենք, Արեւմտեան աշխարհի մէջ առաջամարտիկները եղանք արդի գիտութեան ամէն ճիւղի մէջ. պէտք է առնուազն քաջութիւն ունենանք մեր գիտական յայտնաբերումներու հետ փշրել հաստատուած եւ փառաբանուած ենթադրութիւնները մեր գերակայութեան մասին»: Թէ՝ մեր  գոյնի նախապաշարումները իրողութեան մէջ անհիմն են: Եւ այս՝ ինչ որ գրուած է 1955ին, սակայն օգուտը ի՞նչ է երբ անցորդ մը, դառնալով իրեն՝ (գործընկերոջս) ըսաւ.- «Այս շան գոյնը եւ քու գոյնդ նոյնն են»: Կարծես սպիտակ շուն կը պակսի փողոցներու մէջ: Այսքանը ինչ պատահեցաւ իմ ներկայութեան: Ես ալ հայ ըլլալով՝ չհամարձակեցայ (որուն համար ցարդ կը ցաւիմ) յարմար պատասխան մը տալ անցորդին որ օտար էր…

Գործընկերս լուռ էր. Կռնակը տուաւ պատին ու ծխախոտին ծուխը՝ երկինքին:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին