Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Քորոնա» Համաճարակի Հետ Կապուած Իրավիճակը Հայաստանի Մէջ Կը Շարունակէ Վատթարանալ ․ Վարչապետ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ «Քորոնա» համաճարակի հետ կապուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ վատթարանալ:

«1 միլիոն բնակիչին բաժին ինկած դէպքերով արդէն իսկ անցած ենք Իրանի եւ Ֆրանսայի ցուցանիշները, հաւասարած ենք Ռուսիոյ ցուցանիշին: Այս կշռոյթով շարունակուելու պարագային կը հասնենք Իտալիոյ ցուցանիշին: Համաճարակի տարածման այսպիսի արագութիւնը, անկախ անկէ, թէ քանի տոկոսը ախտանիշով, քանին` առանց ատոր, ինքնաբերաբար կը բերէ ծանր, ծայրայեղ ծանր դէպքերու, նաեւ մահուան դէպքերու աճին»,- ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է վարչապետը:

Անոր խօսքով` այսպիսի իրավիճակի պատճառը հակահամաճարակային կանոնները համատարած չպահպանելն է:

«Վստահ ենք, որ սահմանուած կանոններու ճշգրիտ ու որակեալ պահպանումը ոչ միայն կը բերէ համաճարակի թիւերու նուազման, այլեւ կ’օգնէ ընդհանուր առմամբ յաղթահարելու համաճարակը: Այսինքն, համաճարակի յաղթահարման գործընթացը կախուած է մեր կողմէ առաջարկուած կանոններու պահպանումէն ու որակէն»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին