Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Սեւամորթ Քաղաքացիի Դաժան Սպանութենէն Ետք ԱՄՆ-Ի Շարք Մը Շրջաններու Մէջ Լարուած Իրավիճակ

ԱՄՆ Մինեսոթա նահանգի Մինեապոլիս քաղաքի մէջ արդէն երրորդ գիշերն է լարուած  իրավիճակ կը տիրէ՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան հետեւանքով բռնկած ցոյցերու պատճառով. ցուցարարները իրենց բողոքը կ’արտայայտեն դիմելով հրկիզումներու, անոնք մասնաւորապէս կը հրկիզեն ոստիկանական բաժանմունքը, կը գրէ The Guardian պարբերականը:

Անկարգութիւնները սկսած են, երբ ոստիկանը դաժանաբար սպանած է սեւամորթ իրաւախախտ Ճորճ Ֆլոյտը եւ համապատասխան տեսանիւթը տարածուած է համացանցի մէջ: Յայտնի է, որ սպիտակամորթ ոստիկանը, մօտ 9 վայրկեան պառկեցնելով Ֆլոյտը գետնին, ծունկով սեղմած է անոր վիզը եւ ուշադրութիւն չէ դարձուցած տղամարդուն բացականչութիւններուն, երբ ան գոռացած է, որ չի կրնար շնչել:

Այս դէպքէն բարկացած՝ հարիւրաւոր ցուցարարներ քալած են քաղաքի կեդրոնով՝ բացականչելով արդարութեան կոչեր եւ բարձրացնելով պաստառներ, որոնց  վրայ գրուած է՝ «Ես չեմ կրնար շնչել»: 

Օրը մթնելուն պէս իրավիճակը աւելի սրուած է, ցուցարարները սկսած են հրկիզել շէնքերը: Սակայն ցուցարարներու հիմնական թիրախը եղած է 3-րդ ոստիկանական բաժանմունքը, ուր ներխուժած են երիտասարդները եւ հրկիզած:

Ոստիկանները հետեւած են դէպքերու զարգացման, բայց չեն միջամտած: Ոստիկանները մարած են հրդեհները, բայց չեն մօտեցած ոստիկանական բաժանմունք: 

Բողոքողները կը պահանջեն խստագոյնս պատասխանատւութեան ենթարկել մարդասպան ոստիկանը եւ անոր հետ եղած մնացած երեք սպաները, որոնք դէպքի վայր գտնուելով ոչինչ ձեռնարկած են տղամարդուն կեանքը փրկելու համար։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին