Լիբանանի օդակայանի բացումը կախում ունի վարակակիրներու թիւի յարաճուն անկումին հետ յայտարարեց առողջապահութեան նախարարը:
Օդակայանի եւ առեւտրական մեծ կեդրոններու բացման մասին տակաւին քննարկումներ չկան ըսաւ ան:
Ըստ իրեն օդակայան վերաբացելը կը կարօտի միջազգային չափանիշերով եւ գործակցութեամբ միջոցառումներու եւ տակաւին շուտ է անոր մասին խօսիլ եզրակացուց նախարարը:






