Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Նախարարաց Խորհուրդը Նշանակումներու Թղթածրարը Յետաձգեց

Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը իր երէկուան նիստին պետական պաշտօններու նշանակումներու խնդրայարոյց թղթածրարը յետաձգեց յաջորդ Հինգշաբթի օրուայ նիստին:

Այս բանը կատարուեցաւ թեթեւցնելու համար արդէն իսկ թէժ մթնոլորտը երբ նախորդ օր խորհրդարանին նիստը ընդհատուեցաւ ընդհանուր ներումի հարցով օրէնքի վաւերացումի աշխատանքի պահուն, որ այնպէս ալ չվաւերացուեցաւ:

Տեղեկատուութեան նախարարը նիստի աւարտին լրագրողներուն տեղեկացուց, որ յետաձգման պատճառը առաջարկուած անուններու շուրջ տարակարծութիւնը չէ այլ անոնց շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան գալու փորձը:

Նախարարը անուններ չտուաւ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին